ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի մէջ ծայր առած է իրաւական բանավէճ մը, թէ նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի դէմ արձակուած մահավճիռի գործադրութիւնը երկրի նախագահին ստորագրութեան կը կարօտի՞, թէ ոչ:
Ըստ սահմանադրութեան՝ նախագահն ու փոխնախագահները պէտք է ստորագրեն վճիռի գործադրութեան հրամանը:
Բայց Իրաքի վճռաբեկ գերագոյն ատեանը նախանցեալ օր հրամայած էր գործադրել վճիռը: Իրաւաբաններէն ոմանք կ՚ըսեն, որ գերագոյն ատեանի որոշումը ինքնըստինքեան գործադրելի է եւ գործադրութեան թոյլատրութեան չի կարօտիր:
Նախագահ Ճալալ Թալապանիի մամլոյ հետ կապի հարցերու խորհրդական Հիուա Օսման յայտարարեց, որ նախագահը կը սպասէ, որ գերագոյն ատեանը բացատրէ, թէ արդեօք օրինականօրէն անհրաժե՞շտ է նախագահական վաւերացումը:
Փաստաբաններ եւ իրաւաբաններ նշեցին, թէ որեւէ ատեանի որոշում չի կրնար գերադաս ըլլալ սահմանադրութեան տրամադրութիւններէն, իսկ այս խուսանաւումին դրդապատճառները քաղաքական են:
Միւս կողմէ, Սատտամի «հրաժեշտի նամակ»ը հրապարակուեցաւ համացանցային կայքի մը վրայ, որ կը կարծուի, թէ կը պատկանի Իրաքի մէջ արգիլեալ «Պաաս» կուսակցութեան: Նամակին մէջ նախկին նախագահը կ’ըսէ, որ այս ձեւին դիմած է, որովհետեւ ատեանը իրեն առիթ չէ տուած վերջին խօսք ուղղելու: «Սիրելի ու հաւատարիմ ժողովուրդ, հրաժեշտ կու տամ քեզի», կը գրէ ան իր նամակին մէջ եւ կ’աւելցնէ. «Կոչ կ՚ուղղեմ ձեզի, որ չատէք ոեւէ մէկը, որովհետեւ ատելութիւնը կոյր կը դարձնէ, կը փակէ միտքի եւ մտածումի ճամբան: Կոչ կ՚ուղղեմ ձեզի, որ չատէք մեր վրայ յարձակած պետութիւններուն ժողովուրդները: Պէտք է գիտնաք, որ յարձակողներու ժողովուրդներուն մէջ կան մարդիկ, որոնք զօրավիգ են ներխուժողներուն դէմ ձեր պայքարին, եւ անոնցմէ ոմանք կամաւոր մասնակցեցան բանտարկեալներու դատի պաշտպանութեան, ներառեալ՝ իմ փաստաբանական պաշտպանութեանս աշխատանքներուն: Ուրիշներ քաջաբար բացայայտեցին յարձակողներուն գործած ոճիրներն ու գայթակղութիւնները եւ դատապարտեցին զանոնք:
«Զոհ կը մատուցեմ անձս։ Եթէ Աստուած արտօնէ, պիտի դասուիմ իսկական մարդու եւ նահատակներու կարգին։ Հաւատարիմ հայրենակիցներս. բարերար Աստուծոյ քով երթալու սեմին, հրաժեշտ կ՚առնեմ ձեզմէ։ Կեցցէ՛ Իրաքը։ Կեցցէ՛ Իրաքը։ Կեցցէ՛ Պաղեստինը։ Աստուած մեծագոյնն է», կ’եզրակացնէ ան։
Սատտամի պաշտպան փաստաբանները Ամմանի մէջ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեցին արաբական երկիրներուն եւ ՄԱԿին, որ միջամտեն՝ արգելք հանդիսանալու իրենց պաշտպանեալին մահավճիռի գործադրութեան: Անոնք նշեցին, որ Իրաքի գերագոյն ատեանին կողմէ նախկին նախագահին դէմ մահավճիռի վերանայման դիմումի մերժումը «մաս կը կազմէ այժմու վարչաձեւին որդեգրած քաղաքականութեան, որուն առանցքն է իրաքեան արիւնը թափել ի սպաս ամերիկեան բռնագրաւումին»:
«Պաաս» կուսակցութիւնը, որ լուծուած հռչակուեցաւ ամերիկեան ուժերու Իրաք ներխուժումէն ետք, իր կարգին սպառնաց «հակահարուածներ» տալ, եթէ գործադրուի նախկին նախագահին դէմ արձակուած մահավճիռը: «Պաաս»ի համացանցային կայքին վրայ լոյս տեսած հաղորդագրութիւն մը կ՚ըսէ. «Մեր կուսակցութիւնը անգամ մը եւս կը զգուշացնէ պարոն նախագահն ու անոր ընկերները մահապատիժի ենթարկելու հետեւանքներէն: «Պաաս»ն ու դիմադրութիւնը վճռած են հակահարուած տալ բոլոր միջոցներով, եւ ամէնուրեք՝ ծանր վնասներ հասցնելով Ամերիկայի եւ անոր շահերուն, եթէ ան գործէ այս ոճիրը: Ամերիկեան վարչակազմը պատասխանատու է նախագահին հասած որեւէ վնասի, որովհետեւ ա՛ն է Իրաքի մէջ որոշումներ տուողը եւ ոչ թէ մանկլաւիկ իրաքեան կառավարութիւնը», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Վերջապէս, նախկին փոխվարչապետ Թարէք Ազիզ յայտնեց, որ Սատտամ ամբողջ աշխարհին համար կարեւոր գաղտնիքներ ունի հրապարակելիք։ «Ան կը փափաքի հրապարակել այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք թէ՛ Իրաքի եւ թէ այլ երկիրներու համար ամօթալի գաղտնիքներ են», ըսաւ Ազիզ։