Թիֆլիսի մէջ, Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպման ընթացքին, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի հաստատեց, որ վրացական կողմը կը պաշտպանէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման որեւէ կառուցողական գործընթաց:
Վրաստանի կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ զրոյցին ընթացքին Ղարիպաշվիլի յայտնեց, որ Վրաստան պատրաստ է իր աջակցութիւնը յայտնելու կառուցողական որեւէ գործընթացի, որուն նպատակն է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումը։