ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստան-Գանատա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Իշխան Սաղաթելեան 24 Նոյեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մօտ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրու Թըրնըրի հետ: Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Գանատա յարաբերութիւններու զարգացման շարք մը ուղղութիւններու վերաբերեալ:
Սաղաթէլեան շնորհաւորեց դեսպան Թըրնըրը` Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանութեան բացման առիթով եւ կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կայուն զարգացումը:
Սաղաթէլեան դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուած ցեղասպանութիւնը՝ ակնկալելով կատարուածին վերաբերեալ միջազգային յստակ գնահատական եւ գործնական քայլեր` առանց երկիմաստութիւններու:
Բարձրացուեցան նաեւ ռազմագերիներու եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ապօրինի ձերբակալութեան եւ անոնց շուտափոյթ ազատ արձակման հարցերը:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հայութեան համալիր իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան:
Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու կայացման, անոնց զարգացման եւ ներկայի հարցերուն վերաբերեալ: