Շաբաթ, 11 Նոյեմբերին, Նէա Զմիռնիի (Յունաստան) Լէոնտիօ վարժարանային համալիրի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երգահանդէս մը, որ նուիրուած էրԱրցախի ժողովուրդին, որ թուրքեւատրպէյճանական յարձակողականութեան եւ ցեղասպանական քաղաքականութեան պատճառով ստիպուեցաւ հեռանալու իր բազմադարեայ հողերէն եւ դառնալ գաղթական։
Յունաստանի ՀԿ Խաչի Շրջանային վարչութիւնը եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրութիւնը իրենց ուժերը միացնելով վսեմ նպատակին համար, միասնաբար կազմակերպեցին հայկական եւ յունական երաժշտական երանգներով լեցուն համերգ մը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ տրամադրուեցաւ ՀՕՄին կողմէ հաստատուած՝ Արցախի գաղթականներու օժանդակութեան ծրագիրին։
Համերգին ներկայ եղան Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ միութենական ներկայացուցիչներ։ Ելոյթը իր ներկայութեամբ պատուեց նաեւ Նէա Զմիռնիի նորընտիր քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, որ ջերմօրէն գնահատեց համերգին նպատակը:
«Արմենիքա» պարբերաթերթին անունով բացումը կատարուեցաւ Արտա Ճէլալեանի կողմէ, որ անդրադարձաւ ելոյթի նպատակին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ու յոյն ծանօթ արուեստագէտներուն, որոնք սիրայօժար ընդունեցին իրենց մասնակցութիւնը համերգին եւ օգնութեան ծրագիրին։
ՀԿ Խաչի Շրջանային վարչութեան խօսքը ներկայացուց Նորա Քիւրտօղլեան։ Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, որ յանգեցաւ հայափաթումին։ Ան յաջորդաբար նշեց ՀՕՄի կարեւոր ծրագիրը՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Արցախի հայութեան, ամոքելու համար ստեղծուած ցաւը եւ ողբերգութիւնը։
Գեղարուեստական բաժինը ճոխ յայտագիր մը պարունակող բովանդակութեամբ, ընդգրկեց հայկական աւանդական եւ աշուղական երգեր, իսկ նաեւ ներկայացուեցան յունական ծանօթ երգեր, որոնք ջերմ ընդունելութիւն գտած են հասարակութեան մօտ։
Արուեստագէտները ելոյթ ունենանալով բեմին վրայ, երկու խօսքով դատապարտեցին Արցախի վրայ կատարուած յարձակողականութեան քաղաքականութիւնը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ամբողջ հայ ժողովուրդին ու իր աննկուն պայքարին։
Համերգը առիթ մը եղաւ նաեւ քով-քովի բերելու երկու ժողովուրդներու երաժշտական մշակոյթը, ներկայացնելով հարազատ երգեր, որոնք միշտ մարդոց սիրտին կը խօսին։
(ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ)