Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին, նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Վատիկանի ներկայացուցիչ Կապրիէլ Գաչիա արքեպիսկոպոսը։
Հայրապետին մօտէն ծանօթ ըլլալով, Վատիկանի ներկայացուցիչին հանդիպումը կաթողիկոսին հետ տեւեց շուրջ երկու ժամ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։
Քննարկումներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեցին Արցախի հարցը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի սերտ յարաբերութիւնները։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ պարզելու կաթողիկոսին տեսակէտները եւ կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուած աշխատանքները, միաժամանակ իմանալու Վատիկանի մօտեցումները վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ։