Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական (եութլինքս) եռօրեայ հաւաքը տեղի ունեցաւ 3,4 եւ 5 Նոյեմբերին, Մարսէյի մէջ:
Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին մէջ աշխարհի զանազան անկիւններէ 10 ուսանողներ (Արցախ, Պոլիս, Փարիզ եւ Մարսէյ) այդ երեք օրերուն ընթացքին մասնակցեցան այս հաւաքին` նախ իրարու ծանօթանալու, մտերմիկ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ միասին քանի մը օր անցընելու, ապա` հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն վերաբերող հետաքրքրական աշխատանոցներու մասնակցելու:
Առաջին օրը մասնակցողները ծանօթացան Համազգայինի պատմութեան, Մարսէյի Ճեմարանի տնօրէնուհի Շաքէ Ժամկոչեանի հետ շրջագայեցան Ճեմարանի զանազան բաժանմունքները: Ապա անոնք այցելեցին Պոմոնի հայկական սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր զիրենք դիմաւորեց եկեղեցւոյ հովիւ Արշէն քհնյ. Մովսէսեան եւ ներկայացուց Մարսէյի հայ գաղութին պատմութիւնը: «Ապրիլ 24» կոչուող փողոցէն անցնելով՝ մասնակցողները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակներու յիշատակին:
Կէսօրէն ետք, եութլինքսականները այցելեցին «Արամ» (Association Pour La Recherche et L’archivage de la mémoire Arménienne) արխիւային կեդրոնը, ծանօթացան կեդրոնի պատմութեան եւ անոր կատարած աշխատանքներուն, որմէ ետք Editions Parentheses հրատարակչատունը այցելելով, Հուրի Վարժապետեանի ղեկավարութեամբ՝ ծանօթացան հրատարակչատան աշխատանքներուն եւ հրատարակած գիրքերուն:
Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական հաւաքի 2րդ օրը սկսաւ «Հայ երաժշտութեան պատմութիւն» աշխատանոցով: Այս առիթով, Փարիզէն հրաւիրուած էր երաժիշտ Մարինէ Կիւլիւմեան: Մասնակցողները սորվեցան «Ապրելու Ենք» երգը (խօսք` Կարէն Խուրշուդեանի, երաժշտութիւն` Մարինէ Կիւլիւմեանի):
Ապա տեղի ունեցաւ հայկական պարի աշխատանոցը: Դասախօսն էր՝ Լոնտոնէն հրաւիրուած պարուսոյց եւ հայկական պարերու մասնագէտ Շաքէ Մէյճըր-Չիլինկիրեան: Հայկական պարարուեստի մասին տեղեկութիւններ տալէ ետք տեղի ունեցաւ ծիսակատարութիւն մը, որուն ընթացքին յիշատակութիւնը կատարուեցաւ Արցախի կորուստին, եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին զոհուածներուն` ունկնդրելով Յասմիկ Յարութիւնեանի կատարումով «Արցախի Օրօր»ը եւ Արցախէն մասնակցող Ռիմա Մարտիրոսեանի երգեցողութեամբ` «Տէր, Ողորմեա՛»ն: Ապա միասնաբար անոնք պարեցին «Շորոր» (Կոմիտաս), «Ա՜խ, Գարուն Է» մանկական պարերգը, «Ծանր Կովնտ Գողթն» եւ «Գողթն Մանկտիք» մեղեդիներով:
Ճաշէն ետք խումբը ուղղուեցաւ դէպի Մարսէյի տեսարժան վայրերը` այցելելով Պահապան Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Մարսէյի նաւահանգիստը, պալատը եւ շուկան:



Երեկոյեան «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ խումբին միացան Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի հայոց լեզուի ուսուցիչները, եւ ազգային ու հայրենասիրական երգերով եւ պարերով վերջ գտաւ օրը:
Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական հաւաքի 3րդ օրը սկսաւ Կարին Կէօքճեանի «Լեզուներ, բառեր, տառեր» աշխատանոցով: Կարինը հետաքրքրական մօտեցումով մասնակցողներուն բացատրութիւններ տուաւ հայոց գիրերուն եւ անոնց գործածութեան մասին, եւ ներկաները գործնական աշխատանքով գիրքի մը շապիկը ձեւաւորեցին:
Ճաշէն ետք տեղի ունեցաւ «Արցախը եւ մենք» նիւթով աշխատանոցը` ղեկավարութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, Փարիզէն հրաւիրուած Անահիտ Ակոբեանի:
Ապա մասնակցողները ներկայ գտնուեցան Մարսէյի Համազգայինի «Քուրան տ՛Ար»ի կազմակերպած հանրային դասախօսական երեկոյին:
Եզրափակիչ ընթրիքը` Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին մէջ, եկաւ ջերմ եւ ընկերային մթնոլորտով փակելու եռօրեայ հաւաքը:
«Ազդակ»ի հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի տնօրէն եւ ծրագիրներու պատախանատու Արին Գալուստեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ աշխարհի մէջ տիրող այս խառն վիճակին մէջ, յատկապէս հայութեան կրած մեծ կորուստներու լոյսին տակ, ինչո՛ւ յարմար նկատուեցաւ շարունակել Համազգայինի այս աւանդութիւնը եւ յանդգնաբար իրականութիւն դարձնել զայն՝ Գալուստեան յայտնեց, որ այս տարուան հաւաքին թեման նուիրուեցաւ Արցախին` այն նպատակով, որ երիտասարդները Արցախի յանձնումը, պարտութիւնը եւ յուսահատութիւնը վերածեն կեանքի եւ նոր պայքարի: «Յուսահատութիւնը երիտասարդին համար խորթ պիտի սեպուի. մեր փափաքն էր, որ երիտասարդները ծանօթանան Մարսէյի հայկական կարեւոր կեդրոններուն եւ տեսնեն, թէ կեանքը հայկական իմաստով կանգ առած չէ, եւ իրենք ալ մեծ դեր ունին այդ բարգաւաճման եւ զարգացման մէջ»:
Խօսելով ընդհանրապէս տիրող մթնոլորտին եւ մասնակցող երիտասարդներուն տպաւորութեան մասին` Գալուստեան ըսաւ. «Մթնոլոտը խանդավառ եւ ներշնչող էր. երիտասարդները շատ արագ մտերմացան եւ շաղուեցան իրարու հետ: Այս հաւաքը 3րդ անգամն էր որ տեղի կ՛ունենար: Առաջին երկու հաւաքները տեղի ունեցած են Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ, որ, կարելի է ըսել, աշխարհի մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոններէն մին կը հանդիսանայ, եւ հայկական իմաստով, հոն ունինք Մուրատ Ռաֆայէլեան հաստատութիւնը, ինչպէս նաեւ` Սուրբ Ղազար կղզին, որոնք հարուստ անցեալ եւ պատմութիւն ունին: Այս տարի որոշեցինք զայն Մարսէյի մէջ իրականացնել` լուսարձակի տակ առնելով Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանը, որ ծաւալման փուլին մէջ է եւ Եւրոպայի միակ ամբողջական եւ ամէնօրեայ վարժարանն է: Այդպէս ալ եղաւ եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ Ճեմարանին շուրջ, ինչպէս նաեւ` այլ հայկական հաստատութիւններու շուրջ»: