
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը կարելի է անկիւնադարձ մը համարել արդարութեան հասնելու մեր հաւաքական պայքարին մէջ. պայքար մը, որ կը շարունակուի, մինչ Թուրքիա յամառօրէն կը շարունակէ իր առաւել քան հարիւրամեակ մը առաջ սկսած ուրացման քաղաքականութիւնը։
Հանգուցեալ Ֆրանսիս պապն էր, որ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած պատարագին ընթացքին շեշտեց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, որ ուրացման քաղաքականութիւնը խոչընդոտ է մարդկութեան յառաջդիմութեան առջեւ եւ դուռը բաց կը պահէ այդպիսի ոճիրներու կրկնութեան դիմաց։
Երկուշաբթի օր իր մահկանացուն կնքած Ֆրանսիս պապը Ս. Զատիկի օրը իր վերջին պատգամին մէջ անգամ մը եւս աղօթեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համար, ու վերահաստատեց 2016ին Ծիծեռնակաբերդէն եւ Արարատի շուքին տակ կատարած իր յայտարարութիւնը։
Հարիւրամեակը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ վնասուց հատուցում ապահովելու պայքարին շուրջ ի մի բերելու աշխարի հայութիւնը, որ փաստեց, թէ հակառակ իրեն դէմ ծառացած մարտահրաւէրներուն, կը շարունակէ իր բարգաւաճումը։
Այս իրողութիւնը յստակօրէն ի յայտ եկաւ Լոս Անճելըսի մէջ, ուր 166,000 հայորդիներ մասնակցեցան 6.5 մղոննոց «Արդարութեան քայլարշաւ»ին, քաղաքին ամէնէն բանուկ փողոցներռւն ուշադրութիւնը գրաւելով եւ շեշտելով, թէ զոհերը ոգեկոչելու կողքին կենսական է նաեւ արդարութիւն պահանջելը։
Այժմ, ժամանակը հասած է վերջին տասնամեակի իրադարձութիւններու հաշուետուութեան եւ յատկապէս քննելու այն դասերը, զորս չկրցանք սորվիլ, որուն պատճառով հասած ենք ներկայ կացութեան եւ Արցախի մէջ կրկնուած ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտումին։
Կարելի է ըսել, որ արդարութեան հասնելու եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուշացած ճանաչումը՝ 2021ին, մղեցին մեր թշնամիները՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, հայութեան դէմ նոր ցեղասպանութիւն մը իրականացնելու, մինչ աշխարհը անգամ մը եւս կրաւորական կեցուածք որդեգրեց՝ ուրացման նոր ալիքի մը առիթ ընծայելով։
Սակայն, առաւել մտահոգիչ է այն, որ կրաւորականութեան եւ ուրացման այս արշաւը որդեգրուած է նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք դժուար տեսանելի խաղաղութեան յոյսերու սիրոյն հայոց պատմութիւնը նսեմացնելու արշաւի մը նախաձեռնած են։ Միայն անցեալ շաբաթ էր, որ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, թէ մինչ կը յարգէ մեր նախահայրերը, իր համոզումը այն է, որ պէտք է այլեւս «յառաջ շարժինք»։ Անոր յայտարարութիւնը արձագանգ մըն էր Ցեղասպանութեան պատմութիւնը վերանայելու՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերուն։
Հարիւրամեակէն գրեթէ մէկ տարի ետք՝ Ապրիլ 2016ին, Ատրպէյճան յարձակումի անցաւ, ինչ որ նախաքայլը հանդիսացաւ 2020ի աւելի ծաւալուն ռազմական գործողութիւններուն, որոնց նպատակն էր բռնագրաւել Արցախը եւ պատմականօրէն հայութեան պատկանող այդ տարածքը պարպել հայերէ։
Երբ Արցախի հայութիւնը Պաքուի շրջափակումին եւ բռնարարքներուն կ՛ենթարկուէր, Հայաստանի վարչապետը կը յայտարարէր, թէ Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ, առիթ ընծայելով Պաքուի իշխանութիւններուն, որ իրականացնեն ցեղային զտումի իրենց քաղաքականութիւնը։
Այսօր, Արցախի հարցը դուրս կը մնայ Հայաստանի կառավարութեան օրակարգէն, որ կը պնդէ, թէ չի կր-նար Արցախի հայութեան իրաւունքները պաշտպանել, որովհետեւ Արցախի մէջ հայութիւն չէ մնացած, միաժամանակ Արցախի ղեկավարութիւնը պատասխանատու նկատելով պատերազմի արհաւիրքներուն։
Պէտք է յստակ ըլլայ այն իրողութիւնը, որ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել, երբ պատերազմը եւ հայութեան բնաջնջումը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նպատակն է։ Պատմութիւնը վերանայելու կոչ ընելով՝ Փաշինեան եւ անոր դաշնակիցները ոչ միայն ջուր կը լեցնեն մեր թշնամիներուն կողմէ յառաջ մղուող ուրացման արշաւի ջաղացքին մէջ, այլ նաեւ մեզմէ կը խլեն միջազգային ատեաններէ մեր իրաւունքները պահանջելու առիթը։
Նոյն ատեն, աշխարհի հայ համայնքները, ներառեալ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը, պէտք է անկեղծօրէն քննարկեն, թէ իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրա՞ծ են մեր Դատին կամ դատերուն պաշտպանութեան։
Մինչ սովորութեան վերածուած է կամայականօրէն այս կամ այն անհատը եւ խմբակը յանցաւոր նկատելը՝ պէտք է նկատի ունենանք նաեւ մեր քայլերը (կամ չառնուած քայլերը), որոնք մեր պատմութեան ընթացքը շեղեցին եւ մեզ հասցուցին այս իրավիճակին։
Այսօր, պատմութիւնը եւ պատմական արդարութիւնը պէտք է ըլլան հայութեան խարիսխները։ ՄԵՐ պատմութիւնն է, որ պիտի ձեւաւորէ ՄԵՐ ապագան։ ՄԵՐ հաւաքական փորձառութիւնը՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ եւ Ցեղասպանութենէն վերապրող, պէտք է առաջնորդէ արդարութեան հասնելու մեր պայքարը, հասնելու արդար հատուցումներու, ոչ միայն 1915ի, այլ նաեւ 2023ի ցեղասպանութեան համար։
Մինչ կը յարգենք Հայեց Ցեղասպանութեան 1,500,000 զոհերուն յիշատակը, կը յիշենք նաեւ Արցախի ազատութեան համար զոհուած հազարաւոր հայորդիները եւ մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախէն պարտադրաբար տեղահանուած մեր առաւել քան 150,000 քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք իրենց մորթին վրայ զգացին մերօրեայ ցեղասպանութիւնը։