ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղը (WWF Հայաստան) եւ «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկը 2007ի Սեպտեմբեր 1էն պիտի գործադրեն Կովկասեան ընձառիւծի պահպանման քարոզարշաւ, որուն նպատակն է հզօրացնել կովկասեան ընձառիւծի որսագողութան դէմ մղուող պայքարը եւ առաւել արդիւնաւէտ դարձնել ընձառիւծի բնական ապրելավայրի հսկումը:
Ի դէպ, կովկասեան ընձառիւծը կովկասեան բնատարածաշրջանի ամենավտանգուած կենդանատեսակներէն մէկն է: Ըստ WWF-ի նախնական տուեալներու՝ Հայաստանի մէջ մնացած է 5-8 ընձառիւծ: