Հայաստան վերահաստատեց, որ կողմ է Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի հետ Պրիւքսէլի մէջ բանակցութիւններու վերսկսման: Սակայն, Խորհրդարանի իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան յայտնեց, որ ներկայիս, բանակցութիւններու վերսկսելու վերաբերեալ յստակ բան չկայ։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, բնականաբար, եւս կողմ է այդ ձեւաչափերով բանակցութիւնների վերսկսմանը, քանի որ Հայաստանի օրակարգում առաջնային է տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատումը» Խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Յովհաննիսեան։
Ան տեղեակ չէ, թէ որքանով իրատեսական է հիմա այդ ձեւաչափի վերականգնումը եւ անոր՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի համաձայնութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճան վերջին շրջանին խուսափեցաւ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու մասնակցելէ։ Սակայն, 8 Փետրուարին, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ողջունեց Պրիւքսէլի մէջ եռակողմ բանակցութիւններուն մասնակցելու՝ Պաքուի յանձնառութիւնը: