Սովորական fashion show մը տեսնելու տրամադրութեամբ, ներկայ գտնուեցանք հայկական տարազներու ցուցադրութեան յատուկ ձեռնարկի մը, որ կազմակերպուած էր «Համազգային»ի Հովիտի մասնաճիւղին կողմէ, Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, 2007ի կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, Վեն Նայս քաղաքի Airtel Plaza Hotel-ի գեղեցիկ սրահին մէջ:
Սակայն մեծ եղաւ մեր զարմանքը եւ հիացումը ի տես հրամցուած կոկիկ յայտագրին եւ հայկական տարազները ներկայացնող մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբի անդամներուն, ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ Քաթրին Հայրապետեանի եւ Արի Լիպարեանի ու յատկապէս կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու նախաձեռնութեան:
Իր տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը նման գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր իր հովանին վայելող «Նայիրի» պարախումբի մեծ ու փոքր անդամներով աւելի քան 270 հոգիներու ներկայութեան ցուցադրել մեր պատմական զանազան շրջաններու յատուկ հայկական տոհմիկ տարազները:
Կասկածէ դուրս է, որ շուրջ 80ամեայ «Համազգային»ը կը հաւատայ, որ հայոց լեզուն, հայ երգն ու պարը, հայ թատրոնն ու հայկական աւանդոյթները պահպանելու եւ անոնց ուժն ու գեղեցկութիւնը յաւերժացնելու միակ միջոցը հայ մշակոյթը փոխանցելն է։
Ահա թէ ինչու հայապահպանման անդաստանէն ներս նման իւրայատուկ ծրագրումներով եւ նախաձեռնութիւններով մեր ժողովուրդի ապագային հաշուոյն «Համազգային»ը ունի իր հաւատաւոր եւ կարեւոր դերակատարութիւնը:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Մարալ Վարժապետեան, որ պարզեց ձեռնարկի նպատակն ու էականութիւնը: Իր կարգին վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Դարբինեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտական իր խօսքերուն կողքին վեր առաւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման ի խնդիր մասնաճիւղի տարած աշխատանքները եւ մեծապէս գնահատեց «Նայիրի» պարախումբի անդամներն ու յատկապէս անոր ծնողներուն եւ պարուսոյցներուն գուրգուրանքն ու զոհաբերութիւնը եւ բարի յիշեց ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբի անդամներուն անունները:
Ապա յայտագրի Ա. բաժնի հանդիսավար Մարալ Վարժապետեան իւրաքանչիւր տոհմիկ տարազի ցուցադրութեան տուաւ անոր յատուկ լուսաբանութիւնները:
Եւ այսպէս յաջորդաբար մեզի հրամցուեցան Ուրարտական շրջանէն Պտղաբերութեան դիցուհին իր տարազով, Բագրատունեաց հարստութենէն Գորանդուխտ թագուհին, Ռուբինեանէն՝ Զապէլ իշխանուհին (Լեւոն Մեծագործի դուստրը), Լուսինեան շրջանէն՝ Մարիան թագուհին, Սեբաստիայէն՝ հարսանեկան տարազ մը, Ակնէն եւ Սասունէն՝ մէկական նորահարսեր, Զէյթունէն կին մը, Տարօնէն՝ երիտասարդ մը, Կեսարիայէն հայուհի մը, Շատախէն՝ հայ աղջիկ մը ու տղայ մը, Վանէն՝ գիւղական տարազ, Խարբերդէն՝ հայուհի մը, Կարինէն կին մը, Թաւրիզէն եւ Երեւանէն հայուհիներ եւ վերջապէս հայ ժողովուրդի պաշտպան ֆետայի մը:
Պատմական այս գեղեցիկ տարազաւորները բոլորն ալ անխտիր արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն, սրահէն ներս ստեղծելով հպարտանքի, յուզումի եւ նոր ու անօրինակ ոգեւորութեան ալիքներ:
Ապա ճաշի սպասարկումէն ետք հանդիսավար Անէթ Կիւրեղեան անգլերէնով ներկայացուց յայտագրի Բ. բաժինը, ուր փոքրերու եւ մեծերու արդիական եւ նորաձեւ զգեստներ ցուցադրուեցան եւ որոնց աւարտին հրամցուեցան հարսանեկան զանազան զգեստներ եւ յատկապէս հայկական տոհմիկ հարսանիք մը իր պատմական բնոյթով, տեսքով եւ տարազով:
Այսպէս անգամ մը եւս պէտք եղած պատմական լուսաբանութիւններով սրահին աչքին առջեւ պարզուեցան նուրբ ճաշակով պատրաստուած մեր պատմական տարազները, որոնք ներկաներուն մշակութային մարզին հանդէպ ունեցած հաւատքով մեծապէս գնահատուեցան:
Ձեռնարկին յայտարարուեցաւ, թէ այս բոլոր տարազներուն պատրաստութեան եւ ցուցադրութեան եւ ձեռնարկին տրամադրելու բաժնէն ներս իրենց հարազատ ներդրումը ունեցած էին Ֆրեզնոյէն՝ տիկին Անուշ Շամլեանն ու ՀՕՄի Ֆրեզնոյի Մայր մասնաճիւղը ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի «Մերտինեան» հայկական վարժարանն ու անոր ուսուցչուհի՝ Աշխէն Իսբէնճեանը, իսկ տարազներու դասաւորման եւ յատուկ պարեղանակներով ցուցադրութեան եւ պատշաճ ներկայութեան համար՝ տարիներու վաստակաշատ պարուսոյցներ՝ Քաթրին Հայրապետեանն ու Արի Լիպարեանը:
Այս առթիւ «Համազգային»ի վարչութիւնն ու կազմակերպիչ յանձնախումբը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը պաշտօնապէս հրապարակեց:
Անկասկած, որ ծնողներուն կողքին պարախումբի բոլոր անդամներն ալ առաւել եւս խանդավառուեցան իրենց հրամցուցած այս ձեռնարկով, որուն ընթացքին լսելի ու տեսանելի դարձան հայկական տարազին ներգործութիւնը մեր նոր սերունդին զգացական աշխարհին վրայ։
Հարկ է ոչ միայն ծափահարել յաջողութեամբ պսակուած նման իրագործումները, այլեւ միշտ եւ անսակարկ գնահատել նման պատասխանատու նախաձեռնութիւնները, որովհետեւ այս ձեւով գնահատած կ’ըլլանք նաեւ «Համազգային»ի առաքելութիւնը, որ հաւատարիմ մնալով հանդերձ հայ մշակոյթին, կը շարունակէ օգտակար ըլլալ նոր սերունդին՝ հայեցի դաստիարակութեան, հայկական տարազներու ցուցադրութեան ճամբով։
Խօսք Շնորհակալութեան
Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր, 2007ին, Սագօ եւ Պէքի Պէրպէրեաններու Կլէնտէյլի բնակարանին մէջ, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ծրագրումներու իրականացման աշխատանքներուն եւ մշակութային առաքելութեան ու զանազան ներկայ կարիքներուն մատակարարման հասնելու հրամայականին վրայ, այս իմաստով «Համազգային»ի այս ափերու ընտանիքին մտերմիկ հաւաքը տեղի ունեցաւ, որուն իբրեւ արդիւնք հանգանակուեցաւ աւելի քան 25 հազար տոլար:
Այս առթիւ, պատմական այս նախաձեռնութեան օրուան բոլոր հովանաւորողներուն «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կու գայ պաշտօնապէս հրապարակել շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքերը:
Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեան $2,000
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէ $2,000
«Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղ $1,000
«Համազգային»ի Փասատինայի
«Շահան Շահնուր» մասնաճիւղ $1,000
Վիգէն եւ Լիւսի Հապոյեան $1,000
Արա եւ Անի Ղանիմէ $1,000
Լիսի Տէր Եղիայեան $1,000
Վիգէն եւ Ազիթա Եագուպեան $1,000
Տիգրան եւ Մակի Պապիկեան $1,000
Սագօ եւ Պէքի Պէրպէրեան $1,000
Պետիկ եւ Մարալ Գազանճեան $1,000
Րաֆֆի եւ Սիւզի Օհանեան $1,000
Մանուկ եւ Լիւսի Չուխաճեան $1,000
Վիգէն եւ Վանիա Պապիկեան $1,000
Արթիւր եւ Լիւսի Գարճեան $1,000
Խաչիկ եւ Անիթա Հաւաթեան $1,000
Օհան եւ Մարալ Օհանեան $1,000
Վահէ եւ Նորա Եագուպեան $1,000
Մանիշակ Մարգարեան $1,000
Վարուժան Պետիկեան $1,000
Դոկտ. Վիգէն եւ Նորա Յովսէփեան $1,000
Հրաչ եւ Սեդա Սիմոնեան $1,000
Յարութ եւ Վիքի Մարաշլեան $1,000
Յովիկ եւ Սիլվա Պիլէմճեան $1,000
Հրաչ եւ Սեդա Սիմոնեան $1,000
Վահէ եւ Սիլվա Թաշճեան $500
Անի Կարիքեան $500
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային վարչութեան
նամակագրութեան յատուկ նոր հասցէն է.-
Hamazkayin – Regional
P.O. Box 4732
Glendale, CA 91222
ԱՅՑԵԼԵՑԷՔ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՉԸ HAMAZKAYIN.NET