ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- «Եուէֆա»ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Եւրոպայի գօտիին Ե. խմբակին մէջ տեղի ունենալիք 2010ի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան Թուրքիա-Հայաստան երթուդարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան սովորական այլ մրցումներու նման:
«Այդ մրցումները պիտի չնմանին Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ընթացքին ջնջուած Հայաստան-Ատրպէյճան մրցումներուն, որովհետեւ հայ եւ թուրք ֆութպոլի պատասխանատուներուն միջեւ մեր ունեցած հանդիպումը դրական արդիւնք տուաւ: Հետեւաբար, կը կարծեմ, որ այդ մրցումներուն գծով ոչ մէկ հարց պիտի ստեղծուի», ըսաւ Փլաթինի, Պրիւքսէլ կատարած իր այցելութեան ընթացքին: