ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հաւանական վաւերացման հարցին կապակցութեամբ քօղարկուած ազդարարութիւն մը ուղղեց Ուաշինկթընի:
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, նախարարութեան բանբեր Նամըք Թան լրագրողի մը հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ, որ նախարարութիւնը Ամերիկայի իշխանութիւններէն պահանջած է, որ այդ երկիրը շարունակէ իր ցարդ ցուցաբերած «ողջախոհ» կեցուածքը եւ արգելք հանդիսանայ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին օրակարգի դրուելուն։
Բանբերը դիտել տուաւ, որ ամերիկահայերը լոպպիստական աշխատանք կը տանին ու ամէն կերպով «քուէներու որսորդութիւն» կ՚ընեն, շահագործել քաղաքական վերջին զարգացումները։
Ան ընդունեց, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Ամերիկայէն ներս արձանագրուող քաղաքական նորագոյն զարգացումներուն։
Թան, ընդգծելով որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները բազմակողմանի մարզերու վրայ կը տարածուին եւ ռազմավարական բնոյթ ունին, շեշտեց, որ Ամերիկա մինչեւ այսօր ողջախոհութեամբ մօտեցած է հայկական պնդումներուն։ «Մենք նորընտիր Քոնկրէսի երկու պալատներէն նոյն դիրքորոշումը կ՚ակնկալենք եւ գիտենք նաեւ որ թուրք-ամերիկեան բազմակողմանի յարաբերութիւնները զոհ չեն երթար այսպիսի փոքր հաշիւներու», ըսաւ Թան։
Նամըք Թան նաեւ Հայաստանէն պահանջեց «աւելի ճկուն ու շինի»չ մօտեցում՝ շրջանային հարցերը լուծելու աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտեց, թէ Երեւան «պէտք է յարգէ միջազգային իրաւակարգը»։
Նամըք Թան պատասխանեց նաեւ երաժիշտ Պուրակ Պետիկեանի դէմ Ատրպէյճանի մէջ գործադրուած յոռի վերաբերումի մասին հարցումի մը ըսելով, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն իսկ տեղեկութիւններ պահանջած է Ատրպէյճանի պատկան իշխանութիւններէն։