Կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը սկսին տունէն՝ մանուկին փոքր տարիքէն։ Հոն, մօր մը վարուելակերպը եւ խօսակցութիւնը անմիջական ազդեցութիւն կ՚ունենան մանուկին վրայ։ Երեխան կ՚ընդօրինակէ իր մայրը, կը կապկէ զայն, կը շարժի, կը խօսի, կը խնդայ, կ՚արտայայտուի իր մօրը նման։ Ան իր մօրմէն կը սորվի լաւը, գէշը, ճիշդը, սխալը, գեղեցիկը, տգեղը, բարին ու չարը։ Հետեւաբար մայրը կը դառնայ երեխային առաջին ուսուցիչ-դաստիարակը, սակայն պէտք չէ մոռնալ հօրը կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը առաջին դպրոցին մէջ, որ տունն է եւ ընտանեկան միջավայրը։
Կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կ՚ընթանան զուգահեռ ուսման հետ կրթական հաստատութիւններու մէջ եւ որպէս ամբողջութիւն կը կատարելագործուին դպրոցական տարիներու ընթացքին։ Երեխան իր առաջին քայլերը կը նետէ դպրոցին մէջ եւ կը քալէ հանգրուանէ-հանգրուան եւ կը բարձրանայ մակարդակէ-մակարդակ։ Դպրոցին մէջ կը կաղապարուին աշակերտին հասկացողութիւնը, մտածողութիւնը, թռիչքները եւ երազները։ Դպրոցն է, որ կը դաստիարակէ, կը կրթէ աշակերտ-ուսանողը, կը ջամբէ անոր հիմնական եւ ժամանակակից գիտութիւն, բարոյականութիւն, կենցաղավարութիւն, իմացական բարձր ոգի եւ ազգային գիտակցութիւն։ Դպրոցը կը բանայ աշակերտին մտքի շտեմարանը, կը լուսաւորէ անոր հոգին, կ՚ազնուացնէ անոր ճաշակը եւ գեղեցիկի ըմբռնումը։
Ազգ մը կը պահպանուի եւ անոր դիմագիծը անաղարտ կը մնայ իր մայրենի լեզուով, իր մշակոյթով եւ հոգեկան-իմացական ապրումներով ու արժէքներով։ Այս նպատակին հասնելու առաջնահերթ ազդակներէն կարեւորագոյնը ազգային դաստիարակութիւնն է։ Հայ ժողովուրդն ալ կ՚ապրի իբրեւ ուրոյն ազգ իր լեզուով եւ մշակոյթով՝ շնորհիւ հայ դպրոցին, հայ գրքին եւ հայեցի դաստիարակութեան։ Հայ դպրոցին մէջ կը կազմաւորուին հայ աշակերտին միտքն ու նկարագիրը. հոն կը հետապնդուի, կը մշակուի եւ կ՚իւրացուի հայ ոգին եւ մշակոյթը։ Ասիկա կը պահանջէ զօրաւոր կամք եւ անսահման զոհողութիւն։ Շատ դժուար է սեփական-ազգային մշակոյթ եւ մտածում զարգացնել հայրենիքէ դուրս օտար միջավայրի մէջ։ Հետեւաբար մեծ ուժականութեամբ եւ վերանորոգ ոգիով վերակազմակերպելու ենք հայեցի դաստիարակութիւնը եւ մանաւանդ հայ դպրոցը՝ պահպանելու համար հայ լեզուն, հայ մշակոյթը եւ հայկական դիմագիծը։
Հայ դպրոցին առաքելութիւնը պէտք է ըլլան հետեւեալ հիմնական նպատակները.-
1.- Կազմաւորուող նոր սերունդին ապահովել հայեցի մթնոլորտ եւ շունչ.
2.- Անոր սորվեցնել Մեսրոպաշուչ հայ լեզուն եւ ծանօթացնել հայ ազգի մշակութային, պատմական ու հոգեւոր հարստութիւնը.
3.- Արթնցնել անոր մէջ ազգային պատկանելիութեան խոր գիտակցութիւն, հպարտութիւն եւ ազգային իրաւունքներու հիմնաւորուած պահանջատիրութիւն.
4.- Չամբել անոր ամբողջական-համապարփակ ուսում, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել կեանքի հրամայականները.
5.- Որդեգրել պետական կրթական ծրագիրները.
6.- Որդեգրել կրթական-ուսումնական եւ դաստիարակչական հիմնաւորուած նորութիւններ, ուղեգիծներ եւ ծրագիրներ.
7.- Փոխանցել անոր մարդկային բարոյական արժէքներու կարեւորութիւնը եւ սորվեցնել համամարդկային կենցաղավարութիւն.
8.- Աշխուժացնել ընթացիկ դասանիւթերու կողքին՝ մարմնամարզանքը, երաժշտութիւնը, գծագրութիւնը, պարը եւ թատրոնը, որոնք բոլորն ալ խիստ կարեւոր են աշակերտին մարմնական, ֆիզիքական, հոգեկան եւ զգացական զարգացումին ու աճումին։
Վերոյիշեալ նպատակներու իրականացումով, հայ դպրոցը կը դառնայ իսկական հայկական երդիք՝ նախանձելի մակարդակով, որակաւոր եւ հրապուրիչ, ինչպէս նաեւ կրնայ մրցիլ յաջող կոչուած օտար վարժարաններու հետ ու ինքզինք պարտադրել իր շրջապատին ու ժողովուրդին։
Հայ դպրոցի առաքելութիւնը կ՚իրականանայ եւ նպատակը կ՚իմաստաւորուի միայն ու միայն խոր համոզումով, յստակ ծրագրումով, հետեւողական աշխատանքով եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ զանազան մակարդակներու վրայ, իմասնաւորի՝ աշակերտութիւն-ուսանողութիւն, ծնողք, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ հոգաբարձութիւն։
Հայ աշակերտը յստակ գիտնալու է, որ հայ դպրոցը ժամանցի վայր չէ, ոչ ալ ընկերային հաւաքավայր մը, այլ ուսումնական-կրթական հաստատութիւն մը, հայեցի դաստիարակութեան կեդրոն մը, ուր ինք պիտի թրծուի որպէս մարդ եւ որպէս հայ։ Հայ աշակերտը ունենալու է՝
1.- Աշխատելու եւ տքնելու հաստատ կամք.
2.- Աշխատելու ուղեգիծ եւ աշխատելաձեւ, որպէսզի օրը-օրին կանոնաւոր կերպով հետեւի դասերու հոլովոյթին.
3.- Իտէալ մը՝ արձանագրելու փայլուն յաջողութիւն դպրոցի հայկական ծրագրի եւ պետական քննութիւններու մէջ, յաջողապէս աւարտելու իր դպրոցը եւ տիրանալու համապատասխան վկայականի.
Հայ աշակերտը համոզուելու է, որ միջակութիւնը անընդունելի է եւ զինք տեղ մը չի հասցներ. ծրագրուած եւ կեդրոնացեալ աշխատանքն է, որ զինք կը հասցնէ լաւագոյն արդիւնքի եւ նախանձելի դիրքի։ Ան գիտակցելու է, որ իր ծնողքը նիւթական եւ բարոյական մեծ զոհողութիւններով զինք առաջնորդած է հայ դպրոց, որպէսզի ինք դառնայ ուսեալ, կրթեալ, յաջող եւ բարձր բարոյականի տէր շրջանաւարտ ու պատուաբեր հայորդի։ Ան գիտակցելու է նաեւ, որ տնօրէն, ուսուցիչ, հոգաբարձութիւն եւ այլ մարմիններ շարունակ եւ բծախնդիր կերպով կը մտածեն, կը ծրագրեն, կ՚աշխատին իր օգտին համար, որպէսզի ինք լաւագոյն ուսում-կրթութիւն ստանայ եւ պատիւ բերէ իր ծնողքին եւ հայ ժողովուրդին։ Վայ այն աշակերտին, որ չի կրնար առաւելագոյն չափով օգտուիլ հայ դպրոցին ընծայած առիթներէն։
Ծնողները անմիջական եւ կարեւորագոյն դերակատարներն են հայ դպրոցի կեանքի աշխուժութեան, կենսաւորումին եւ սահուն գործընթացին։ Անոնք հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան լծակիցներն են եւ դպրոցին գոյատեւման կարեւորագոյն սիւները։ Ծնողք սերտ գործակցութիւն ցուցաբերելու են տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ հոգաբարձութեան հետ, որոնք ամէնօրեայ հոգատարներն են իրենց զաւակներուն դպրոցէ ներս։ Անոնք պարտին մղել իրենց զաւակները լուրջ աշխատանքի, ըլլան պահանջկոտ, խրատատու եւ քաջալեր, որպէսզի իրենց զաւակները առաւելագոյն չափով օգտուին դպրոցի ընձեռած բարիքներէն։ Հայ դպրոցը կանգուն կը մնայ, կը գոյատեւէ, կը յառաջդիմէ այն ատեն, երբ գիտակից ծնողներ իրենց նիւթաբարոյական պարտաւորութիւնները լիովին եւ ճիշդ ժամանակին կը կատարեն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեն հայ դպրոցի բոլոր պէտքերուն։
Ուսուցիչները իրենց իսկ կոչումով նուիրեալ առաքեալներ են եւ անոնք արժանի են լաւագոյն նիթաբարոյական վարձատրութեան։ Տիպար ուսուցիչը որակաւոր, փորձառու, մանկավարժ, բարոյախօս, կենցաղավար եւ ընկերային ստորոգելիներով օժտուած անձ մըն է։ Ան կենդանի ներկայութիւն է դպրոցէն, մանաւանդ դասարանէն ներս։ Անոր անկեղծ եւ սիրալիր մօտեցումը աշակերտներուն հանդէպ կ՚առաջացնէ վստահութիւն, ակնածանք եւ յարգանք բոլորին մօտ։ Անոր արթնութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով եւ պատրաստակամութեամբ կ՚իրականանայ դպրոցին կրթական-ուսումնական արդիւնաւէտ ծրագիրը, որակի բարձրացումը, փայլուն յաջողութիւնը եւ մանաւանդ հայ աշակերտին մարդակերտումը եւ հայակերտումը։ Ուսուցիչն է կորիզը ուսումնական-կրթական շրջագիծին. իրմով կը սկսի եւ իրմով ալ կը վերջանայ նորահաս սերունդի կրթութիւնը. ինքն է վարպետը, որ կը տաշէ, կը յղկէ, կը ձեւաւորէ, կ՚ուղղէ աշակերտը եւ կը փոխանցէ անոր իր հոգին եւ մտապաշարը։ Ան կը պեղէ աշակերտին հոգին եւ հոգեկան աշխարհը. ան կը տեսնէ աշակերտին թաքուն ձիրքերը, կարողութիւններն ու տաղանդը եւ քաջալեր կը հանդիսանայ անոր առողջ ընթացքին։ Ան կը ստեղծէ առողջ մթնոլորտ եւ փոխյարաբերութիւն տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան եւ իր գործակիցներուն հետ։ Վերջապէս, տիպար ուսուցիչը ինքզինք «սպառելով», իր ուրախութիւնը կը գտնէ իր ստեղծած հարուստ եւ պարարտ հունձքին մէջ։
Դպրոցին բաբախուն սիրտը, համակարգիչը եւ արթուն միտքը տնօրէնն է իր ամէնօրեայ ներկայութեամբ եւ ճշդապահութեամբ։ Ան տիպար ուսուցիչի մը բոլոր յատկութիւններով օժտուած դպրոցին ղեկավարն ու օրէնքի մարդն է։ Տնօրէնը ուսուցիչներու գործակիցն է, խորհրդատուն է եւ ուղեցոյցը։ Ան հետեւողական քննիչ է, արդար հսկիչ է եւ առողջ կապը ուսուցիչ-աշակերտ-ծնողք-խնամակալ քառեակին։ Իր ներկայութեամբ դպրոցը ուսումնարան է եւ կրթութեան քուրայ։
Իսկ հայ դպրոցին մեքենավարը եւ մղիչ ուժը դպրոցին հոգաբարձութիւնն է, որ կը մատակարարէ դպրոցին տնտեսութիւնը, կը հսկէ դպրոցի շինարարական աշխատանքներուն, կը հետեւի տնօրէնի եւ ուսուցչական կազմի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ դպրոցի կրթական-ուսումնական ծրագիրներու իրագործումին։ Հոգաբարձութեան անսակարկ նուիրումով, անսահման զոհողութիւններով, անշահախնդիր աշխատանքով եւ առողջ յարաբերութիւններով կ՚երաշխաւորուի հայ դպրոցին գոյութիւնը։
Տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ հայկական կրթական հաստատութիւն մը պահելը շատ զոհողութիւններ կ՚ենթադրէ։ Այս զոհողութիւններով կ՚երաշխաւորուի հայ դպրոցի գոյատեւումը։ Ճիշդ է, որ ազգային մարմիններ, բարեսիրական հաստատութիւններ, հոգաբարձութիւն եւ այլ ազգային բարերարներ նեցուկ կը կանգնին հայ դպրոցին, այսուհանդերձ հայ դպրոցը միշտ գտնուած է տնտեսական ծանր եւ մտահոգիչ կացութեան մէջ, որ մեզ բոլորս կը դնէ լուրջ պատասխանատուութեան մը առջեւ։ Հայ դպրոցը կը պատկանի իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին, հայ ծնողքին. հետեւաբար ծնողք տէր կանգնելու են իրենց հայ դպրոցին եւ յանձնառութեամբ կատարեն իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները։
Who is the author of this article? The article is well writen . The suggestions and opinions that the author has expressed has been presented to the schools and their governing bodies many times before.