ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի գրաւման ընթացքին բրիտանական բանակի հրամանատար զօր. Մայքըլ Ճեքսըն քննադատեց Ուաշինկթընի դէմ պատերազմին հանդէպ ամերիկեան քաղաքականութիւնը։ Հանգստեան կոչուած հրամանատարը իր նոր ինքնակենսագրական աշխատութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախկին նախարար Տանըլտ Ռամսֆէլտի մօտեցումը կ՚որակէ «մտաւորական գետնի վրայ սնանկ» եւ զինք կ՚ամբաստանէ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան յետպատերազմեան ծրագիրները անտեսելու համար։
Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաունի պաշտօնին ստանձնումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու կողմէ հարաւային Իրաքի մէջ բրիտանական ուժերուն դերակատարութեան դէմ ուղղուած քննադատութիւնները կ՚աճին։ Ըստ կարգ մը նախատեսութեանց, նոր վարչապետը կրնայ արագացնել Իրաքէն բրիտանական ուժերը հեռացնելու հարցը։