ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային հիմնարկի ղեկավար Մուհամմատ Պարատէյ Երկուշաբթի, Յուլիս 9ին յայտնեց, որ Իրան դանդաղեցուցած է Նաթանզի հիւլէական կայանին մէջ իւրանիոմի հարստացման աշխատանքները։
Պարատէյ ողջունեց Իրանի այս քայլը եւ յայտնեց, թէ «Իրան պէտք է ամէն ինչ ընէ կացութիւնը հանդարտեցնելու համար։ Կարիքը կայ առճակատումի ոճէն բարի կամեցողութեան եւ համագործակցութեան ոճին վերադառնալու»։
Ան դարձեալ կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն՝ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ վերջինիս հետ ուղղակի բանակցութեանց սկսելու: «Կը կարծեմ, որ այդ քայլը բազմաթիւ առումներով պիտի օգնէ մեզի, որ յառաջդիմութիւն արձանագրենք», նշեց ան։
Նաեւ, Երեքշաբթի օր իրանցի պաշտօնատար մը հաղորդեց, թէ Պարատէյի տեղակալը Չորեքշաբթի օր (այսօր) հանդիպում մը պիտի ունենայ հիւլէական հարցերու Իրանի գլխաւոր բանագնաց Ալի Լարիճանիի հետ: