Կ’ակնարկենք այն բարձունքին, աւելի ճիշդ՝ այն նո՛ր բարձունքին, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ստեղծեց շրջանէս ներս, 32րդ անգամ ըլլալով:
«Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով առաջնորդուող այս մարզական միութիւնը լուրջ դեր ունի կատարելիք քալիֆորնիահայ հանրային կեանքէն ներս, յատկապէս երիտասարդութեան մօտ: Արդարեւ, բազմահազար մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ այս միութեան շարքերէն ներս կը ստանան ոչ միայն սկաուտական ու մարզական, այլեւ հայկական ազգային դաստիարակութիւն:
Իսկ իւրաքանչիւր Յուլիսի առաջին օրերը, Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը կազմակերպէ իւրայատուկ «վկայականաց բաշխում» մը, դպրոցական ամավերջի հանդէսի նման, ուր հանրութեան կը ներկայացնէ իր մէկ տարուան աշխատանքին պտուղը:
Տասնեակ հազարաւոր ծնողներ, մարզիկներ եւ արի-արենոյշներ համախմբող այս քանի մը օրերու ընթացքին, ահաւասիկ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը հիւրընկալէ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ Քալիֆորնիա հաստատուած հայեր, որոնց համար Նաւասարդեանի այդ օրերուն ստեղծուող ազգային մթնոլորտը կը հանդիսանայ այն հասարակ յայտարարը, ուր կը նուազին, կը մեղմանան (եւ յառաջիկային աստիճանաբար պիտի անհետանան) այն բոլոր տարբերութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին լեզուական, մշակութային, ըմբռնումներու թէ այլ բնագաւառներէ ներս: Հոն ներկայ կ’ըլլան արեւելահայերէն թէ արեւմտահայերէն խօսողները, Թեհրանի թէ Նոր Չուղայի, Երեւանի թէ Պէյրութի խօսելաձեւերը, Իրաքի թէ Հալէպի մտայնութիւնները: Մէկ խօսքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեանը կը հանդիսանայ այն քուրան, ուր բոլոր այլազանութիւնները եւ նոյնիսկ երբեմն հակադրուող տարբերութիւնները կը հարթեցուին ազգային մէկ ու միակ մթնոլորտի մը մէջ, ու հոն կը սկսի խմորուիլ այն հայու կերպարը, որ Թեհրանի, Երեւանի, Պէյրութի կամ Պաղտատի խօսակցական հայերէնը գործածելով հանդերձ, կ’առաջնորդուի ազգային իտէալի մը, մէկ ու միակ պատկանելիութեան գիտակցութեամբ: Կը թրծուի նոյն այդ ոգիով: Ու երբ տիրական է այդ ոգին յատկապէս մանուկ, պատանի կամ երիտասարդ սերունդին մօտ, ալ ի՞նչ տարբերութիւն գործածուած լեզուին մէջ: Այս է պատկերը, դիտուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ստեղծած բարձունքէն: