ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ա1 ».- Յուլիս 10ին, Կլէնտէյլ քաղաքի մէջ սրտի կաթուածի հետեւանքով յանկարծամահ եղած է հայկական էսթրատայի նշանաւոր դէմքերէն Էլւինա Մակարեան:
էլւինա Մակարեան երաժշտութեան ասպարէզ մտաւ Ռ. Ամիրխանեանի «Ո՞ւր էք, տղաներ» երգով եւ անմիջապէս գրաւեց երաժշտասէրները: Ան նաեւ Կոստանդին Օրբելեանի ղեկավարած հայկական ռատիոյի եւ հեռատեսիլի պետական նուագախումբի մենակատարներէն եղած է: Երգչուհին երգի աշխարհ մտած է ընդամէնը 14 տարեկանին, իսկ 12 տարեկանին արդէն երաժշտական փառատօնի մրցանակ շահած էր: Անոր արուեստը բարձր գնահատած է Արամ Խաչատուրեան: Է. Մակարեան հայկական ճազի ամենավառ դէմքերէն մէկն էր:
90ական թուականներուն Է. Մակարեան հաստատուած է Ամերիկա, ուր եւս զբաղած է երաժշտութեամբ, հիմնելով իր անձնական սթիւտիոն: