ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին, Իրաքի Անպար նահանգին մէջ 16 ամերիկացի զինուորներ փոխադրող ուղղաթիռ մը եւս ջախջախուեցաւ, որու հետեւանքով առնուազն չորս ամերիկացի զինուորներ մահացան:
Ամերիկեան ուժերը Կիրակի օր նահանգին գիւղերէն մէկուն մէջ պայթեցնելով քանդեցին երկու շէնք։ Գործողութեան զոհ գացին վեց տղամարդիկ, երկու կիներ եւ երեխայ մը։ Ամերիկեան ուժերը պնդեցին, որ վեց տղաքը ապստամբ զինեալներ էին, որոնք մերժած էին անձնատուր ըլլալ։
Նոյնիսկ ամերիկեան «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութիւնը հաստատեց, որ ամերիկեան ուժերու վերջին օրերուն կատարած խուզարկութիւններուն ընթացքին սպաննուած կիներուն եւ երեխաներուն թիւը աննախընթացօրէն մեծ է։ Գործակալութիւնը այս երեւոյթը վերագրեց այն իրողութեան, որ ամերիկեան ուժերը սկսած են ըմբոստները հետապնդել նաեւ բնակարանային թաղամասերու մէջ. ան նաեւ կրկնեց ամերիկեան հրամանատարութեան այն պնդումները, թէ ըմբոստները քաղաքացիները կ՚օգտագործեն իբրեւ մարդկային վահաններ։
Նշենք, որ սպաննուած կիներն ու երեխաները ընդհանրապէս նոյն ճակատագիրը բաժնած այրերուն կիներն ու երեխաներն են։