ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին Լիբանանի մէջ շարունակեց լիբանանեան քաղաքական ներքին տագնապին լուծման նպատակով իր խորհրդակցութիւնները եւ յայտնեց, թէ ցարդ կարելի չէ եղած ամբողջական համաձայնութիւն գոյացնել, սակայն շեշտեց, թէ որոշ յոյսեր կան՝ իր առաջադրած նախաձեռնութիւնը յաջողեցնելու առումով։
Ան աւելցուց, որ արդէն կարելի է յայտնել, թէ ներկայացուած նախաձեռնութեան որոշ կէտերուն գծով յառաջդիմութիւն արձանագրուած է։
Մուսա ընդգծեց, որ ան իր հանդիպումները պիտի շարունակէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ՝ աւելցնելով, որ ինք խորհրդակցութիւններ ունեցած է ամբողջ Արաբական աշխարհին, նոյնիսկ Իրանի հետ։
Չորեքշաբթի երեկոյեան վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ դարձեալ տեսնուելէն ետք, Մուսա նշեց, որ Հինգշաբթի օր Լիբանանէն պիտի մեկնի Դամասկոս, Սուրիոյ իշխանութեանց հետ խորհրդակցութիւններ ունենալու համար եւ նոյն օրն իսկ Լիբանան պիտի վերադառնայ:
Մուսա նախապէս հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Էմիլ Լահուտի հետ, որմէ ետք յայտարարեց, թէ Լահուտ իր պաշտօնավարութեան շրջանը պէտք է աւարտէ։
Նաեւ, ընդդիմադիր Ազգային հանդիպումի նախագահ եւ նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ յայտնեց, թէ Մուսայի առաջադրած նախաձեռնութեան ձախողութեան պատասխանատուն ներկայ իշխանութիւնը պիտի ըլլայ:
Միւս կողմէ, ընդդիմութիւնը 20րդ օրը ըլլալով շարունակեց «Ռիատ Սոլհ» եւ Նահատակաց հրապարակներուն վրայ իր նստացոյցը։