ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ռուսիոյ հիւսիսային Կովկասի շրջանի հրամանատար զօր. Ալեքսանտր Պարանով յայտնած է, թէ մինչեւ յառաջիկայ Դեկտեմբեր 25 ռուսական կայազօրը պիտի քաշուի Թիֆլիսէն:
Պարանովի համաձայն, Ուրբաթ, Դեկտեմբր 15ին սկսած հեռացումին վերջին հանգրուանին խարիսխէն կը հեռանան մօտաւորապէս 350 զինուորներ, մինչ անոնց տեղափոխելիք զէնքն ու զինամթերքը աւելի քան 353 թոն է: Կայազօրը իր պահեստին մէկ մասը պիտի փոխադրէ Ռուսիա, մինչ մէկ այլ մասը Ատրպէյճանի ճամբով պիտի փոխադրուի Հայաստան՝ Գիւմրիի ռուսական խարիսխը։
Պարանովի համաձայն, Վրաստան ոչ մէկ ձեւով հակազդած է կայազօրի քաշուելուն: Ան նաեւ նշած է, թէ քաշուող կայազօրի անձնակազմէն ոմանք պիտի հաստատուին հիւսիսային Կովկասի, Մոսկուայի եւ Վոլկա-Ուրալի զինուորական խարիսխներուն մէջ, մինչ անոնք, որոնց ծառայութեան շրջանը աւարտած է, պիտի մնան Ռուսիա եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին պիտի տրամադրուի առանձին բնակարան:
Ռուսական նահանջին ամբողջացումէն ետք, աւելի քան 200 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Թիֆլիսի մէջ ռուս զինուոր պիտի չմնայ:
Ռուսիա խոստացած է Ախալքալաքի ու Պաթումի խարիսխները պարպել մինչեւ Հոկտեմբեր 2008: