ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Սեպտեմբեր 4ին երեկոյեան արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպեցաւ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Եաափ տէ Հուփ Սխեֆըրին:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Օսկանեան կարեւոր համարեց Հայաստան-ՆԱԹՕ անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրով (ԱԳԳԾ) սահմանուած գործողութիւններու իրականացման ընթացքը՝ ազգային անվտանգութեան մշակումը, Երեւանի մէջ ՆԱԹՕի տեղեկատուական կեդրոնի բացումը, Հայաստանի մէջ Ճգնաժամերու կառավարման իրավիճակային կեդրոնի հիմնադրման կապուած գործընթացը, պաշտպանական ոլորտի բարեփոխումներուն ուղղուած օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները:
Նախարար Վ. Օսկանեան բարձր գնահատեց ՆԱԹՕի եւ անդամ երկիրներու կողմէ Հայաստան-ՆԱԹՕ ԱԳԳԾի իրականացման ցուցաբերուող աջակցութիւնը, մասնաւորապէս, տրամադրուող խորհրդատուական օգնութիւնը, նաեւ ողջունեց ՆԱԹՕի որոշումը Հայաստանի մէջ ՆԱԹՕի գործակցութեան նոր պատասխանատուի նշանակումը:
Զրոյցի ընթացքին կողմերը անդրադարձան 26 1 ձեւաչափով Հայաստան-ՆԱԹՕ քաղաքական խորհրդակցութիւններու կազմակերպման, եւ այդ պարունակով նախարար Օսկանեան կարեւոր համարեց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ Դաշինքի հետ քաղաքական խորհրդակցութիւններու կազմակերպումը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր ՆԱԹՕի կողմէ խաղարարար գործողութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան վերաբերեալ:
ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարը ներկայացուց իր գնահատականները Դաշինքի եւ հարաւային Կովկասի պետութիւններուն հետ գործակցութեան վերաբերեալ՝ 2008ի Ապրիլին Պուքրէշի մէջ նախատեսուող ՆԱԹՕի գերաստիճանէն առաջ: Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում Քոսովոյի հարցի, Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակի, տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ:
ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի խնդրանքով, նախարար Օսկանեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի բանակցութիւններուն: