ՔԼՈՎԻՍ.- Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքին մօտերը գտնուող Քլովիսի Չարլի Քէյեան Համագաղութային Հայ վարժարանի Ուսումնական խորհուրդը կը տեղեկացնէ, թէ մանրազնին կերպով քննելէ ետք վարժարանին ժամականաւոր տնօրէնուհի Նայիրի Շիշմանեանի գործունէութիւնը, միաձայնութեամբ որոշեց զինք տնօրէն նշանակել, նկատի ունենալով անոր անսակարկ նուիրումը եւ նորարարութիւններ որդեգրելու պատրաստակամութիւնը։
Վարժարանին եւ ամբողջ համայնքին գնահատանքին արժանացած Նայիրի Շիշմանեանի ազդու ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է բարելաւել վարժարանին դասանիւթերու որակը։