«Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ, Ամերիկայի եւ Բրիտանիոյ գործողութիւնները կը հակասեն պատերազմը չընդարձակելու վերաբերեալ պնդումներուն: Շրջանին մէջ ամերիկեան գործողութիւնները կ՛ոտնահարեն միջազգային օրէնքը եւ Իսրայէլին կ՛արտօնեն շարունակել Կազայի մէջ իր ոճիրները», յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան ըսաւ, որ իրենք վճռականօրէն կը դատապարտեն Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ զինուորական յարձակումները Եմէնի վրայ եւ Միացեալ Նահանգներու յարձակումը Իրաքի եւ Սուրիոյ վրայ:
Միւս կողմէ, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթի հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Թոր Ուեսլանտի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց կարեւորութիւնը միջազգային խաղաղութեան խորհրդաժողովի մը գումարման` երաշխաւորելու համար միջազգային որոշումներուն կատարումը եւ Իսրայէլի՝ պաղեստինեան հողերէն հեռացումը:
Ան նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը Պաղեստին պետութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական առումով կարող դարձնելու` ամբողջութեամբ կատարելու համար Երուսաղէմի, Կազայի եւ Արեւմտեան Ափի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ իր ստանձնած պատասխանատուութիւնները: Ապպաս կարեւոր նկատեց ջանքերու մէկտեղումը` արգիլելու համար որեւէ պաղեստինցիի նշեալ շրջաններէն տեղահանումը, դադրեցնելու իսրայէլեան բռնագրաւող ուժերու բոլոր յարձակումները եւ իսրայէլացի բնակեցուածներու բռնարարքները, ինչպէս նաեւ Կազայէն որեւէ տարածքի անջատումը:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը նաեւ կոչ ուղղեց` աւելցնելու մարդասիրական օժանդակութիւնները եւ Կազայի բնակիչները պատսպարելու առարկաները, մասնաւորաբար ներկայ կլիմայական ծանր պայմաններու լոյսին տակ: