
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը տեղեկացուց, թէ Ապրիլը Հայոց պատմութեան ամիս, հռչակելու խորհուրդին որոշումի ծիրին մէջ, Երեքշաբթի, 29 Ապրիլին գումարուած խորհուրդի նիստին ընթացքին, Պարկըր մեծարեց երեք հայորդիներ՝ դրուատելով գաւառին եւ հայ համայնքի կեանքէն մէջ առողջապահութեան, նորարարութեան եւ համայնքային սպասարկութեան ոլորտներուն մէջ անոնց յատկանշական ներդրումները։
Մեծարեալներն էին՝ Վահէ Կարապետեան, տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ տոքթ. Գառնի Պարխուտարեան։
Տոքթ. Գառնի Պարխուտարեան հեղինակաւոր ջղաբան-վիրաբոյժ մըն է եւ ներկայիս Providence Saint John’s առողջապահական կեդրոնի գլխաւոր վիրաբոյժն է, վարիչը՝ Providence St. Joseph առողջապահական կեդրոնի ջղաբանութեան բաժանմունքին. ան կը դասախօսէ «Փըսիֆիք» հիմնարկի ջղաբանութեան բաժանմունքին մէջ եւ ստանձնած է Հայ-ամերիկեան բժշկական միութեան նախագահութիւնը։ Ան մասնակցած Է Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակելու շարք մը նախաձեռնութիւններու, յատկապէս համաճարակին եւ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին։
Տոքթ․ Ֆրիտա Ճորտըն հիմնադիր եւ նախագահն է Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին եւ հեղինակաւոր գիտնական մըն է պատուաստումներու եւ ծինային գիտութեան ոլորտներուն մէջ։ Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկը հիմնուած է 1999ին, եւ անոր միջոցաւ ցարդ հաւաքուած են ոսկրածուծի առաւել քան 35,000 նուիրատուներ՝ մօտաւորապէս 42 երկիրներէ, եւ իրագործուած ոսկրածուծի 44 պատուաստումներ։ Հիմնարկը կեդրոն մը ունի նաեւ Երեւանի մէջ, նպաստելով երկրին առողջապահութեան ոլորտի բարգաւաճման։
Գործարար եւ բարերար Վահէ Կարապետեան նպաստած է համայնքներու բարգաւաճման ջանքերուն, Լոս Անճելըսի եւ Հայաստանի մէջ։ Ցեղասպանութենէն վերապրած ծնողներու զաւակ՝ Կարապետեան 1971ին արտադրած է ճաշի մատակարարման իր առաջին ինքնաշարժը (catering truck), որմէ ետք անոր նմանակներուն արտադրութեան՝ ընկերութիւնը դարձուցած է այդ մարզի առաջատարը։ Ան առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ նպաստած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին ու Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական ամպիոնին ու ծրագիրին։