
Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի ծիրին մէջ, Ուքրանիոյ օգնելու համար զինուորական հիմնադրամ մը հաստատել: «Քորրեսփոնտենթ»ը կը հաղորդէ, որ այս մասին Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ոչ-պաշտօնական հանդիպումէն ետք յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:
«Այսօր բովանդակային քննարկում մը ունեցանք Ուքրանիոյ զինուորական օգնութեան մասին, քննարկեցինք մարտադաշտին վրայ կացութիւնը, զինուորական մատակարարումներու վերաբերող իրավիճակը, Ուքրանիոյ աջակցութեան հիմնադրամի մը հաստատումը, որուն շուրջ յոյս ունիմ, որ յառաջիկայ օրերուն համաձայնութիւն պիտի գոյանայ` Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի ծիրին մէջ», ըսաւ ան:
Պորել աւելցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը յստակ դիրքորոշում կը պահպանէ Ուքրանիոյ աջակցելու հարցին մէջ:
«Ուքրանիա հետզհետէ աւելի արագ աջակցութեան կարիքը ունի: Այդ օգնութիւնը պէտք է հիմա հասնի: Ուքրանիոյ յաղթանակը կարեւոր է ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլ նաեւ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար», ընդգծեց ան:
Ուքրանիոյ զինուորական աջակցութեան հիմնադրամ մը հաստատելու նախաձեռնողը Պորելն է: Ան Եւրոպական Միութեան առաջարկած է ստեղծել զայն արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի ծիրին մէջ` 20 միլիառ եուրօ ծաւալով, յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին: Այս հիմնադրամէն գումարները պիտի ծախսուին Ուքրանիոյ սպառազինութիւն ձեռք բերելու եւ մատակարարելու, ինչպէս նաեւ եւրոպական պաշտպանական արդիւնաբերութեան հզօրացման համար: