ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի Դեկտեմբեր 27ի հրամանագիրով, պետական կառավարման համակարգին մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով պարգեւատրուեցան հարկային պետական ծառայութեան պետի տեղակալ Արմէն Ալավերդեան, գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Սամուէլ Գալստեան, ուժանիւթի փոխնախարար Լեւոն Շահվերդեան, բնապահպանութեան փոխնախարար Սիմոն Պապեան եւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Արայիկ Պետրոսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.