ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ ՀՅԴի երկարամեայ ընկեր, պատմաբան եւ դաստիարակ Դոկտ. Կարապետ (Կարօ) Մոմճեանի մահը, որ պատահեցաւ 29 Մարտին, Փալմ Սփրինկզի մէջ։
Ան եղած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ մաս կը կազմէր ՀՅԴ Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէութեան։
Իբրեւ պատմաբան՝ Մոմճեան հեղինակած է շարք մը յօդուածներ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր ուսումնասիրութիւնները ներկայացուցած է գիտաժողովներու եւ հանրային ձեռնարկներու ընթացքին։
Ան եղած է Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն եւ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի փոխտնօրէն։ Ան նաեւ մաս կազմած է «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմին եւ ակադեմական աշխարհ անցնելէ ետք շարունակած է իր յօդուածներով աշխատակցիլ թերթին։
Ակադեմական ներդրումներուն կողքին, Մոմճեան նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան եւ սկզբունքներուն նուիրեալ ջատագով էր։