ԹԵՀՐԱՆ, «Իրնա».- Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Սէուտ իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թեհրանէն խնդրեց միջնորդի դեր խաղալ Եմէնի ճգնամաժի լուծման գործին մէջ, կը հաղորդեն եմէնեան լրատուամիջոցները:
Եմէնի տագնապը սկսած էր 2004ին: 2009ին զինուորական գործողութիւններ սկսած էին ծաւալիլ մէկ կողմէ շիի հուսիներու, միւս կողմէ` Եմէնի եւ Սէուտական Արաբիոյ բանակներու ու վերջինիս գլխաւորած արաբական դաշինքի ուժերուն միջեւ: