ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունուար 3ին, Սպիտակ տան մէջ իր կառավարութեան հետ խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ յայտարարեց, թէ մօտիկ ապագային Քոնկրէսին պիտի ներկայացնէ ծրագիր մը, որուն նպատակն է պետական ամավարկին հսկայ բացը գոցել եւ ամավարկը հաւասարակշռել մինչեւ 2012 թուականը:
Պուշ միաժամանակ կոչ ըրաւ Քոնկրէսին, որ մնայուն դարձնէ քանի մը տարի առաջ իր առաջարկով վաւերացուած տուրքերը նուազեցնելու օրէնքը, որ շատ աւելի նպաստաւոր է ունեւոր դասակարգին համար:
Աւելի կանուխ, Պուշ նաեւ կոչ ըրած էր Քոնկրէսի մէջ մեծամասնութիւն ապահոված դեմոկրատներուն, որ իր կառավարութեան հետ սերտ գործակցութիւն ցուցաբերեն, հակառակ այն իրողութեան, որ նոյնինքն Պուշ վերջին վեց տարիներուն անտեսած էր դեմոկրատներուն պահանջները, որովհետեւ այդ շրջանին Քոնկրէսը կը գտնուէր հանրապետականներու ամբողջական հակակշռին ներքեւ:
Նկարին մէջ, իր կառավարութեան անդամներով շրջապատուած Պուշ, Չորեքշաբթի օրուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: