ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Յունուար 4ը պատմական օր մըն էր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան համար, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով, Քոնկրէսի այդ պալատին ղեկը ստանձնեց կին մը:
Արդարեւ, այդ օրը Քալիֆորնիայէն ներկայացուցիչ Նէնսի Փելոսի դարձաւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակը:
Նաեւ, դեմոկրատները վերջին 12 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ստանձնեցին Քոնկրէսին ղեկը, զայն Նոյեմբերի ընտրութիւններուն խլած ըլլալով հանրապետականներէն:
Փելոսի խոստացաւ յառաջիկայ 110րդ Քոնկրէսին առաջին 100 օրերուն շարք մը բարեկարգումներ իրագործել, որոնց դէմ դրած էր Քոնկրէսի հանրապետական նախկին մեծամասնութիւնը:
«Այսօր պատմութիւն կը կերտենք: Այսօր, երկրին ուղղութիւնը կը փոխենք», յայտարարեց Փելոսի:
Ծերակոյտին ղեկը ստանձնեց Նեւատա նահանգէն դեմոկրատ ծերակուտական Հէրի Ռիտ:
Նկարին մէջ, Փելոսի եւ Ռիտ Նոյեմբեր 8ին տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին: