«Տենվըր փոսթ» թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, ամերիկացի հռչակաւոր դերասան Սիլվեսթր Սթալոն յայտնեց, թէ հիացած է Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպով եւ կ’ուզէ զայն կոթողային ժապաւէնի վերածել:
Սթալոն թերթի Դեկտեմբեր 16ի համարին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին մէջ նշեց, թէ կ’ուզէ վէպը ժապաւէնի բեմագրութեան վերածել ու ապա զայն բեմադրել: Ան աւելցուց, թէ տարիներէ ի վեր կ’երազէ կոթողային գործ մը բեմադրել եւ գործը, որ զինք ամէնէն աւելի գրաւած է այս առումով՝ Ֆրանց Վերֆէլի նշեալ վէպն է, որու առանցքը Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած Հայկական Ցեղասպանութիւնն է:
Սթալոն, խօսելով ժապաւէնին մասին, պատկերացուց նկարահանուելիք տեսարան մը, ուր «ֆրանսական մարտանաւերը կը հասնին եւ ժողովուրդը կը փրկեն: Նաւերը ճամբայ կ’ելլեն: Հերոսը, որ փրկարար առաքելութիւնը կազմակերպած էր, չափազանց յոգնած ըլլալով քունի անցած է լերան փէշին: Քամերան կը քաշուի ետ ու պաստառին վրայ մէկ կողմէ կ’երեւին ծովն ու հեռացող նաւերը, միւս կողմէ՝ միայնակ անձ մը լերան գագաթին, ապա թուրքերը հազարներով վրայ կը հասնին»:
Սթալոն ըսաւ նաեւ, որ ժապաւէնը «քաղաքակրթութեան մը քանդումին մասին պատմող կոթողական գործ մը պիտի ըլլայ… Թուրքերը 85 տարիէ ի վեր կը փորձեն թաղել այս նիւթը»: