Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի դիւանը (Պըրպէնք) թեմի հոգեւոր հովիւներուն, ծխական խորհուրդներուն, թեմական պատգամաւորներուն, յարակից բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ համայն հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդէ, թէ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին օրը՝ նախորդ տարիներու նման, Յունուար 6ին, 2007 Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի Ս. Ծննդեան ընդունելութիւնը՝ երեկոյեան ժամը 6էն մինչեւ գիշերուան 9:
Ընդունելութիւնը բաց հրաւէր մըն է բոլոր հաւատացեալներուն համար:
Ս. Ծննդեան տօնին օրը կազմակերպուած այս բացառիկ ընդունելութիւնը գեղեցիկ առիթ մը պիտի ստեղծէ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ իր օրհնութիւնները բաշխելու եւ միեւնոյն ատեն գնահատելու թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներուն, ծխական խորհուրդներու ատենապետներուն, առաջնորդանիստ Մայր տաճարի շինարարական եւ հանգանակիչ յանձնախումբերուն, առաջնորդարանի խնամակալներուն, թեմական կազմակերպութիւններու ատենապետներուն, հայ մամուլին, հայկական կազմակերպութեանց վարչական մարմիններուն, բարերարներուն եւ առաջնորդարանի մասնաւոր հիւրերուն ջանքերն ու աշխատանքները՝ անցնող տարուան ընթացքին:
Երեկոն պիտի սկսի առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու կողմէ կատարուող աւանդական տնօրհնէքի արարողութեամբ: Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական ուրախ յայտագիր մը:
Առաջնորդարանի դիւանը սիրով կը հրաւիրէ հաւատացեալները, որ ներկայ գտնուին Ս. Ծննդեան այս ընդունելութեան, ստանան Ս. Ծննդեան աւետիսը եւ արժանանան առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւններուն: