ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Խօսք առնելով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան պաշտօնական ճաշկերոյթին, Կիրակի, Նոյեմբեր 12ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա դրուատեց Հայաստանի մէջ նախկին դեսպան Ճան Էւընզի քաջութիւնը, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզի կողմէ նոյն պաշտօնին կոչուած Ռիչըրտ Հոկլընտի դէմ դրուած արգելքը:
Վիարայկոսա ըսաւ. «Պէտք է յիշենք Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ռիչըրտ Հոկլընտի նշանակումին դէմ պայքարելով, մինչեւ որ ան եւս ճանչնայ այդ փաստը»:
Քաղաքապետ Վիարայկոսա նաեւ դրուատեց Հոկլընտի նշանակման դէմ Հայ Դատի Յանձնախումբին տարած աշխատանքը:
Կիրակի օրուան ձեռնարկին պիտի անդրադառնանք հետագային՝ ընդարձակ գիծերու մէջ: