ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Արաբական միացեալ էմիրութիւններուն մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան Նոյեմբեր 13ին եւ 14ին հանդիպումներ ունեցաւ Ում ալ Քայուան էմիրութեան թագաժառանգ Սաուտ պըն Ռաշիտ ալ Մուալլայի եւ Ռաս ալ Խայմայի թագաժառանգ Սաուտ պըն Սաքր ալ Քասիմիի հետ:
Ում ալ Քայուանի թագաժառանգի հետ հանդիպման ընթացքին, դեսպան Մելիքեան ներկայացուց նշեալ էմիրութեան հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը՝ շեշտելով առեւտրատնտեսական կապերը զարգացնելու հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը: Անդրադառնալով միւս էմիրութիւններուն հետ բազմակողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտութեան, դեսպանը նշեց, որ հեռանկարներ կան միացեալ հաստատութիւններու հիմնադրման, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, ոսկերչութեան, ադամանդագործութեան բնագաւառներուն մէջ գործակցութիւնը խորացնելու:
Ռաս ալ Խէյմայի թագաժառանգի հետ հանդիպման ընթացքին, շէյխ Սաուտ հետաքրքութիւն ցուցաբերեց Հայաստանի մէջ անշարժ գոյքի եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ ներդրումային հնարաւորութիւններու շուրջ:
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան նաեւ շարք մը քաղաքական խնդիրներ, մասնաւորապէս ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքի, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի, տարածաշրջանին մէջ առկայ այլ քաղաքական խնդիրներու ներկայացմամբ:
Դեսպան Մելիքեան Ռաս ալ Խայմայի թագաժառանգին առաջարկեց քննել Հայաստան այցելութեան հնարաւորութիւնները՝ ծանօթանալու Հայաստանի մէջ ընթացող տնտեսական առաջընթացին եւ ներդրումային հեռանկարներուն: