ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ- ԱԳ նախարար Վարդան Օսկանեան Յուլիս 16ին ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար, դեսպան Ռուտոլֆ Փերինան:
Նախարար Օսկանեան ջերմօրէն ողջունելով Փերինան նշանակման կապակցութեամբ, վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի կապակցութեամբ Ռ. Փերինայի գերազանց իմացութիւնը կը նպաստէ իր բարձր առաքելութեան յաջողութեան:
Զրուցակիցները համաձայնեցան, որ երկու երկիրները շահագրգիռ են ներկայացուած ըլլալու դեսպանի մակարդակով, սակայն այս փուլին, նախարարի խօսքով, նման նշանակումը մեծապէս կը նպաստէ երկկողմանի գործակցութեան:
Կողմերը քննեցին երկկողմանի օրակարգը, տարածաշրջանային հարցեր, Հայաստանի յարաբերութիւնները հարեւաններուն հետ:
Փերինա տեղեկացուց, որ ամերիկեան կողմը կը հետեւի «Ազատութիւն» կայանին շուրջ զարգացող իրադարձութիւններուն եւ յոյս յայտնեց, որ օրերս սկսած բանակցութիւնները այդ հարցի վերաբերեալ փոխադարձ օգտակար լուծում կը ստանան:
Զրուցակիցները նաեւ ընդհանուր գիծերով քննեցին Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններու ներկայ փուլը:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ առաքելութիւնը աւարտող հաւատարմատար Է. Կատֆրի: