ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 17 Յուլիս 2007ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մէջ ընդունեց «Սքրիմըրզ» ժապաւէնի բեմադրիչ Քարլա Կարապետեանը, եւ ժապաւէնի հովանաւոր Րաֆֆի Մանուկեանը: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ միաբան հայրեր, եւ Լիբանանի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներ:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, խօսակցութեան նիւթ դարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը, միջազգային մակարդակով, հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց բեմադրիչ Քարլա Կարապետեանը, ֆիլմարուեստի ճամբով իր արձանագրած այս յաջողութեան առիթով: Վեհափառը կարեւորութեամբ ընդգծեց այսօրուան աշխարհին համապատասխան չափանիշներով Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը դիտելու եւ ներկայացնելու հրամայականը: Ան անգամ մը եւս շեշտեց, որ հաշտութեան պէտք է անպայման նախորդէ Ցեղասպանութեան ընդունումը թրքական պետութեան կողմէ, իբրեւ պատմական իրողութիւն: Ապա վեհափառը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներդրումին Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքին մէջ, ինչպէս նաեւ նոր ցեղասպանութիւններ կանխարգիլող միջազգային բանաձեւերու որդեգրման գծով:
Այս առիթով վեհափառ հայրապետը շեշտեց ըսելով, թէ «Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը այժմէականացման հրամայական անհրաժեշտութեան դիմաց կը գտնուի: Աշխարհը փոխուած է ընկերային, տնտեսական, քաղաքական ու այլ բնագաւառներով: Հայկական հարցին արդար եւ ճշգրիտ լուծում բերելու մօտեցումները եւս փոխուած են: Այդ մօտեցումներուն իրազեկ դառնալը ու անոնց օգտագործումը, կրնան մեր պահանջատիրական պայքարին տալ նոր դիմագիծ, բարձր որակ, համապատասխան միջազգային չափանիշներուն»:
Քարլա Կարապետեան, իր կարգին, անդրադարձաւ ժապաւէնին տարածման եւ ժողովրդականութեան, յատկապէս անոր այժմէական բնոյթին պատճառաւ: