ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Անցնող Հինգշաբթի օր, Ներկայացուցիչներու տան մէջ իր ելոյթի ընթացքին, Նիւ Ճըրզիէն դեմոկրատ քոնկրէսական Ֆրէնք Փալոն յայտարարեց, թէ անհեթեթութիւն է Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը եւ խօսնակ Նենսի Փելոսիէն պահանջեց, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը դնէ քուէարկութեան:
Փալոն պատմական նախընթացը յիշեց, դիտել տալով, որ Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, թրքական դատարանները իրե՛նք դատապարտած էին հայութեան դէմ զանգուածային սպանութեան յանցանքով ամբաստանուող թուրք ականաւոր պաշտօնատարներ: Ան նշեց, թէ ամբաստանուածներու թիւը կը հասնի 400ի եւ անոնցմէ շատերը բանտարկութեան կամ մահուան դատապարտուեցան: Ի բացակայութեան դատուածներու շարքին էին Թալէաթ, Էնվէր, Ճեմալ, Հալէպի կառավարիչը եւ ուրիշներ:
Ապա, Փալոն Նենսի Փելոսիէն պահանջեց քուէարկութեան դնել բանաձեւը, որ այժմ կը վայելէ զօրակցութիւնը 224 քոնկրէսականներու, որ Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութիւնն է:
«Այս բանաձեւը որդեգրելով, մենք վերահաստատած կ’ըլլանք նոր ոճիրներ կանխարգիլելու մեր յանձնառութիւնը», եզրակացուց Ֆրէնք Փալոն: