ԼՈՆՏՈՆ, ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի աքսորեալ նախկին վարչապետ Նաուազ Շարիֆ խոստացաւ վերադառնալ Փաքիստան եւ նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆը իշխանութենէն հեռացնելու նպատակով մասնակցիլ ընտրութիւններուն։ Ան կը խօսէր Լոնտոնի մէջ՝ Փաքիստանի գերագոյն դատարանին կողմէ իր վերադարձը արտօնող վճիռին արձակումէն ետք։
Շարիֆ, որ Փաքիստանէն մեկնած էր 1999 թուականին, զօր. Մուշարրաֆի իրագործած պետական հարուածէն ետք, յայտնեց, որ անցեալ շաբաթ տրուած վճիռը իր մրցակիցին անկումին սկիզբն է։ Լրագրողներ կը յայտնեն, որ Նաուազ Շարիֆ կրնայ դատավարութեան ենթարկուիլ, եթէ վերադառնայ Փաքիստան։ Աքսորեալ քաղաքագէտին համակիրները Իսլամապատի մէջ ողջունեցին վճիռը եւ զօր. Մուշարրաֆի կոչ ուղղեցին հրաժարելու։
Շարիֆ յայտնեց, որ «բռնատիրութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը իրարու հետ չեն համընկնիր։ Անոնցմէ մէկը պէտք է մեկնի։ Բռնատիրութիւնն է, որ պէտք է մեկնի։ Որքան շուտ Մուշարրաֆ հասկնայ այս իրողութիւնը, այդքան լաւ կ՚ըլլայ իրեն եւ երկրին համար»։ Ան նշեց, որ Փաքիստան վերադառնալով իր դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները դիմագրաւելէ չի վախնար։
«Չեմ վախնար. եթէ Մուշարրաֆ կ՚ուզէ ինծի դէմ դատեր հնարել, այդպէս թող ընէ։ Անոնց դէմ պիտի դնեմ», ըսաւ ան։
Նաուազ Շարիֆ տուրքերէ խուսափելու, դաւաճանութեան եւ այլ ամբաստանութիւններով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր:
Իշխանութիւնները յայտնեցին, որ Շարիֆ խոստացած էր մինչեւ 10 տարի Փաքիստանէն դուրս եւ քաղաքականութենէն հեռու մնալ։ Սակայն աւագ դատախազ Իֆթիխար Մուհամմատ Չաստրի իր վճիռին մէջ յայտարարեց, որ «Շարիֆի ընտանիքին անդամները իրաւունքը ունին վերադառնալու եւ երկրին մէջ մնալու իբրեւ Փաքիստանի քաղաքացիներ»։
Շարիֆի եղբայրը՝ Շահպազ եւս աքսորուած էր 2000ին։
Փաքիստանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ վճիռը կ՚ընդունի, սակայն ակնարկութիւն կատարեց, թէ Շարիֆ եղբայրները կրնան Փաքիստանի մէջ դատական հարցեր դիմագրաւել։
Նաուազ Շարիֆ, որ պաշտօնապէս կը շարունակէ Փաքիստանի պահպանողական Իսլամական լիկան իր աքսորավայրէն ղեկավարել, երկու անգամ ստանձնած է Փաքիստանի վարչապետի պաշտօնը։
Փաքիստանեան աղբիւրներ Երկուշաբթի օր հաղորդեցին, թէ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի զաւակը՝ Սատտա Հարիրի հանդիպում մը ունեցած է Նաուազ Շարիֆի հետ եւ կոչ ըրած է անոր, որ այս հանգրուանին Փաքիստան չվերադառնայ:
Նկարին մէջ, Շարիքի համակիրները կը տօնեն անոր տունդարձը արտօնող որոշումը: