ՕԹԹԱՈՒԱ.- Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի չհովանաւորէ թրքական այն գիտաժողովը, որ պիտի կայանար այսօր, Նոյեմբեր 3ին, Օթթաուայի մէջ:
Նշենք, որ գիտաժողովը կը վայելէ թրքական դեսպանատան անմիջական հովանաւորութիւնը՝ իսկ գլխաւոր բանախօսն է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող Կունթէր Լէուի:
Հոկտեմբեր 23ին, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը երկրի արտաքին գործոց նախարար Փիթըր ՄըքՔէյին հասցէագրուած նամակով մը խստօրէն քննադատած էր գիտաժողովը հովանաւորելու քայլը:
«Գիտաժողովը եւ փրոֆ. Լէուիի մասնակցութիւնը կը վարկաբեկեն Քանատայի կառավարութեան, խորհրդարանին եւ ծերակոյտին անդամները, ինչպէս նաեւ Քեպէքի, Օնթարիոյի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի իշխանութիւնները, որոնք բոլորն ալ ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը», յայտնեց Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Արիս Պապիկեան: