«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Վերջերս Լիբանան այցելեց ամերիկահայ գաղութէն ներս հանրածանօթ կրթական գործիչ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին ամէնօրեայ հայկական վարժարանին հիմնադիրը եղած է։ 1964 թուականին ան հիմնած է «Ֆերահեան» ազգային ամէնօրեայ վարժարանը, որուն տնօրէնը եղած է մինչեւ 1990։ Այժմ հանգստեան կոչուած է։ Սոյն վարժարանի հիմնադրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար Լիբանանի մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցած է Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի հետ։
Մեր խոր համոզումով, Գաբրիէլ Ինճէճկիկեանի հնչեցուցած ահազանգը անարձագանգ պէտք չէ մնայ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս յղացած էք Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական վարժարան մը հիմնելու գաղափարը։
ԳԱԲՐԻԷԼ ԻՆՃԷՃԻԿԵԱՆ.- Տարիներ շարունակ աշխատանք տարած եմ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական վարժարանի մը հիմնումի ուղղութեամբ, որովհետեւ կը փափաքէի, որ ամերիկաբնակ հայերը իրենց զաւակները հայկական վարժարան ղրկեն, որպէսզի հայ շունչով եւ հայ ոգիով դաստիարակուին անոնք։ Սակայն մեր ղեկավարները միշտ յետաձգած են այդ քայլը առնելը, որովհետեւ անոնց մեծամասնութիւնը չէր հաւատար, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կարելի էր հայկական դպրոց ունենալ։
«Ա.».- Ինչպէ՞ս յաջողեցաք համոզել զիրենք եւ ի՞նչ միջոցներով կրցաք նիւթական ներդրում ապահովել։
Գ.Ի.- Պարտք կը զգամ յայտարարելու, որ Ամերիկայի մէջ առաջին հայկական վարժարանի հիմնուելուն յաջողութեան ամէնէն մեծ պատճառը լիբանանահայութիւնը եղաւ։ 1961ին Լիբանան այցելեցի եւ մինչեւ 1964 «Հայկազեան» համալսարանին մէջ ուսուցչութիւն ըրի։ Լիբանանի մէջ տեսակցութիւններ ունեցայ շատ մը անձնաւորութիւններու հետ, որոնց շարքին էին Զարեհ կաթողիկոսը, Մովսէս Տէր Գալուստեանը, տոքթ. Բ. Փափազեանը եւ այլք, որոնք մեծապէս խանդավառուեցան Ամերիկայի մէջ հայկական վարժարանի մը հիմնադրութեան գաղափարով եւ խոստացան որոշ գումարով մը օժանդակել։ Սակայն խոստումնագիրը, որ ստորագրուեցաւ հարիւրաւոր հայորդիներու կողմէ, ունէր պայման մը, որ եթէ մէկ տարուան ընթացքին դպրոցը չբացուի, չեղեալ պիտի նկատուի։ Հետեւաբար 1964ին, երբ Ամերիկա վերադարձայ եւ խոստումնագիրը (որ 10,000 տոլար՝ ներկայ քառորդ միլիոնը) ներկայացուցի ղեկավարներուն, ըսին, թէ «Պէյրութէն դրամ չի գար. մենք միշտ կը ղրկենք» եւ առաջարկեցին հանգանակութիւն ընել եւ քանի մը տարուան մէջ դրամ հաւաքելով բանալ դպրոցը. սակայն ես առարկեցի, որ խոստումնագիրը միայն մէկ տարուան լիազօրութիւն ունէր, այլապէս չեղեալ պիտի նկատուէր։ Ուրեմն ամէն ջանք ի գործ դնելով՝ մէկ տարուան մէջ բացինք դպրոցը՝ 14 Սեպտեմբեր 1964ին։ Ազգային առաջնորդարանի պատկանող մէկ յարկանի տուն մըն էր, որուն խոհանոցը տնօրէնի գրասենեակ եղաւ, 5 ննջարաններն ալ՝ դասարաններ։ Առաջին տարին աշակերտները ձրիաբար յաճախեցին դպրոց։
Հարկ է հոս նշել, որ Պէյրութի մէջ հայեր խանդավառուած՝ քաջալերական յօդուածներ գրեցին թերթերու մէջ, ինչպէս՝ Շահանդուխտ, Յակոբ Կիւլոյեան, Սիմոն Սիմոնեան եւ այլք։ Նաեւ Պէյրութի մէջ 7 հոգինոց յանձնախումբ մը կազմուեցաւ «Դպրոցի կեդրոնական յանձնախումբ» անունով. անոր մաս կը կազմէին՝ Յակոբ Կիւլոյեան, Հրաչ Տասնապետեան, Գուրգէն Խանճեան, Տէր Պալեան, Կարօ Պետրոսեան, Նշան Թիւսիւզեան, եւ այդ յանձնախումբը ստանձնած էր խոստումնագիրին դրամը հաւաքելու պարտականութիւնը, նաեւ՝ այլ օժանդակութիւններու հաւաքը։
«Ա.».- Խօսինք աշակերտութեան թիւին եւ դպրոցի զարգացման ուղիին մասին։
Գ.Ի.- Առաջին օրը, երբ սկսանք դպրոցը, 12 աշակերտ ունէինք, սակայն մինչեւ տարին իր աւարտին հասնի, աշակերտներուն թիւը բարձրացաւ 43ի։ Ունէինք 5 ուսուցիչ, որոնցմէ մէկը մնայուն էր, իսկ չորսը՝ այցելու։ Դպրոցին ժամանակացոյցը առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5 էր։ Առաջին տարին սկսանք 5րդ եւ 9րդ դասարանով, 2րդ տարին 6րդ եւ 10րդ, 3րդ տարին 7րդ եւ 11րդ եւ 4րդ տարին՝ եօթը հոգի վկայուելով համալսարան յաճախեցին։
«Ա.».- Ինչո՞ւ 5րդ դասարանէն սկսաք դպրոցը եւ ոչ մանկապարտէզէն։
Գ.Ի.- Լոս Անճելըսի մէջ կար Ֆերահեան անունով հայ փաստաբան մը, որ տարիներ շարունակ փորձած է հայկական վարժարան հիմնել եւ չէր յաջողած։ Իր մահէն ետք անոր կտակին մէջ արձանագրուած էր, որ իր մահուան յաջորդող 25 տարիներուն եթէ մէկը հայկական ամէնօրեայ «հայ սքուլ» մը բանայ Ամերիկայի մէջ, իր ամբողջ ունեցածը անոր պիտի տրամադրուի։ Այս պատճառով մենք «հայ սքուլ»ով սկսանք։
«Ա.».- Ներկայիս քանի՞ դասարան ունի դպրոցը։
Գ.Ի.- Դպրոցին հիմնադրութենէն 12 տարի ետք նախակրթարան մըն ալ բացինք՝ դպրոցին կից տուները գնելով, իսկ անկէ ետք մանկապարտէզ ալ ունեցանք։ Վերջին քանի մը տարիներուն մանկամսուրի դրութիւն ալ կիրարկուեցաւ. հետեւաբար ներկայիս դպրոցը մանկամսուրէն մինչեւ 12րդ է։
«Ա.».- «Ֆերահեան» ազգային վարժարանէն զատ քանի՞ հայկական ամէնօրեայ վարժարան կայ Ամերիկայի մէջ։
Գ.Ի.- Ես գուշակած էի, որ եթէ դպրոցը բացուի եւ յաջողութիւն գտնէ, Ամերիկան պիտի օժտուի հայկական վարժարաններու ցանցով մը, եւ չէի սխալած։ Առաջին տարին, երբ դպրոցը բացինք, «Յաղթանակ» անունով պարբերաթերթ մը հրատարակեցինք, ուր դրուած էին աշակերտներուն նկարները, գրուած էր դպրոցի գործունէութիւններուն եւ այլ դպրոցներ հիմնելու գաղափարին մասին։ Երբ առաջին տարին վերջ գտաւ, այցելեցի Ամերիկայի հայահոծ գաղութները, ինչպէս՝ Պոսթըն, Նիւ Եորք, Տիթրոյիթ, Ֆիլատելֆիա, Սան Ֆրանսիսքօ, Ֆրեզնօ, եւ հոն խումբեր ստեղծեցինք հանգանակութիւն ընելու եւ աշխատանք տանելու հայ դպրոցի գծով։ Եւ 1964էն ի վեր 25 հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ բացուեցան Ամերիկայի տարբեր շրջաններու մէջ։ Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին բնաւ չէ բացուած։ Այս տարի Բարեգործականը «հայ սքուլ» մը բացաւ՝ չորս դասարանով օժտուած։
Բայց ցաւալի երեւոյթը այն է, որ Քալիֆորնիոյ մէջ 4-5 հարիւր հազար հայութիւն կայ, 80-100 հազար աշակերտի տարիքով հայ երեխաներ ունին, սակայն անոնցմէ 5300ը հայկական վարժարան կը յաճախէ։ Հակառակ անոր, որ հայութեան թիւը աճ արձանագրեց, սակայն դժբախտաբար հայ երեխաներուն միայն 5-6 առ հարիւր տոկոսը հայկական վարժարան կ՚երթայ, իսկ մնացեալը օտար դպրոցներ կը յաճախէ։ Օտար ամուսնութիւնները եւս կը շատնան, ինչ որ տխուր կացութիւն մըն է, եւ հայութիւնը չ՚անդրադառնար այս հարցին։ Այս երեւոյթը ոչ միայն Ամերիկայի մէջ կը տեսնենք, այլեւ՝ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին, դժբախտաբար մէջը ըլլալով Լիբանանը, որ գաղթաշխարհի հայութեան կեդրոնն էր, միջնաբերդն էր, ուր հայ աշակերտներ բարձրագոյն հայկական կրթութիւն կը ստանային, ուր 45 տարի առաջ 200 ամուսնութենէն մէկը օտարի հետ էր, իսկ այժմ՝ 100էն 40ը։
Ժամանակն է, որ անդրադառնանք, թէ ի՛նչ կը պատահի:
«Ա.».- Ձեր կարծիքով, ի՞նչ է լուծումը:
Գ.Ի.- Ներկայիս անկախ Հայաստան մը ունինք, կը զարմանամ, թէ ինչո՛ւ մեր հայեացքը դէպի հոն չէ, չենք փորձեր քաջալերել ներգաղթը դէպի Հայաստան: Պէտք է օգտակար դառնանք նոր սերունդին եւ քաջալերենք զայն՝ Հայաստան երթալու, հոն իրենց ընտանիքները կազմելու, որպէսզի զօրացնենք Հայաստանը, որովհետեւ մեր հայրենիքը մօտ օրէն բաւարար զինուորի տարիք ունեցողներ պիտի չունենայ: Հետեւաբար լրագրողներուն, մամուլին, ղեկավարութեան պարտականութիւնն է արթննալ եւ զօրաւոր քայլեր առնել այս հարցին շուրջ, որպէսզի հայկականութեան աղէտը մեղմացնենք:
Հարկ է հոս նշել, որ բոլոր թերթերը կը խօսին Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող անգործութեան մասին: Տնտեսագէտները փաստած են, որ որեւէ երկիր, ուր անգործութիւն կայ, եթէ դուրսէն ներխուժող ժողովուրդ ըլլայ, անգործութիւնը կը պակսի եւ ոչ թէ կ՚աւելնայ: Հայաստանի առաւելութիւններուն մասին չեն խօսիր, հոն հաստատուած հայերու յաջողութիւններուն մասին չեն խօսիր, այլ միայն ձախողութիւնները կը յիշեն:
«Ա.».- Խօսինք աշակերտութեան ներկայ թիւին եւ կրթական համակարգին մասին:
Գ.Ի.- Ներկայիս «Ֆէրահեան» վարժարանը ունի 730 աշակերտ: Սակայն բոլոր բարձրագոյն վարժարաններն ալ մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ դասարան ունին. աշակերտութիւնը յաջողապէս կ՚աւարտէ դպրոցը եւ մեծամասնութիւնը կ՚ընդունուի համալսարան:
«Ա.».- Ծնողներու կեցուածքը ի՞նչ է, խանդավա՞ռ են հայկական դպրոցով:
Գ.Ի.- Հայ աշակերտներուն միայն 5-6 տոկոսը հայկական վարժարան կը յաճախէ, որովհետեւ ծնողներուն համար դժուար է ճշդուած կրթաթոշակը վճարել: Պետական վարժարանները բոլորովին ձրի են. մենք տարեկան 6000 տոլար կը գանձենք. մէկէ աւելի զաւակ ունեցող ծնողքի համար բաւական դժուար է այդ գումարը վճարելը. շատեր չեն համարձակիր զեղչ ուզելու, կ՚ամչնան, ուրիշներ հեռաւորութիւնը պատրուակ կը գտնեն: Սակայն ընդհանրապէս Ամերիկայի մէջ ընտանիքի մը ծախսը մեծ է, հետեւաբար 6000 տոլար իւրաքանչիւր աշակերտի շատեր չեն կրնար տրամադրել եւ կը ստիպուին պետական վարժարան ղրկել:
«Ա.».- Ի՞նչ աշխատանք տարած էք կրթական մարզի մէջ:
Գ.Ի.- Ինծի համար բաւական ցաւալի երեւոյթ մըն է տեսնել հայ աշակերտներ, որոնք օտար վարժարաններ կը յաճախեն: Վերջին 12 տարիներուն ընթացքին Ամերիկայի մէջ որդեգրուեցաւ նոր օրէնք մը, որուն համաձայն, խմբագրութիւններ կամ անհատներ կրնան պետական դպրոցի տարբերակ դպրոց մը հիմնել եւ զայն կոչել «Չարթըր», այսինքն՝ արտօնագրեալ դպրոցներ, որոնք հինգ տարուան արտօնութիւն ունին: Անոնք պէտք է ներկայացնեն իրենց նպատակը. ինչո՞ւ կ՚ուզեն բանալ, ի՞նչ յաջողութիւններ կը նախատեսեն եւ այլն: Եթէ յաջողին իրենց որոշումը գործադրել, այդ արտօնութիւնը կրնան նորոգել: Հետեւաբար վերջին երկու տարուան ընթացքին աշխատանք կը տանիմ, որ մենք ալ բանանք «Չարթըր» դպրոց մը, որ ձրի է, եւ պետութիւնը կը հոգայ ծախսերը: Դպրոցին նպատակը ըլլայ այն, որ իւրաքանչիւր աշակերտ, հայ թէ օտար, սորվի հայերէն, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ: Վերջապէս, վերջին շրջանին Հ.Յ.Դ. նոր Կեդրոնական Կոմիտէն ընդունած է, որ պիտի հետաքրքրուի այս հարցով: Մէկ տարի առաջ միութիւն մը կազմեցի «Armenian American Charter School Association» անունով, որ այս ուղղութեամբ աշխատանք տանի: Ամիս մը առաջ որոշեցինք իւրաքանչիւրս 100 տոլարով անդամակցութեան սակ տրամադրել, որպէսզի ծառայէ այդ նպատակին: Կը յուսամ, որ եթէ սկսինք տքնաջան աշխատանքի, երկու տարուան պէտք ունինք «Չարթըր» դպրոցի բոլոր պայմանները լրացնելու:
«Ա.».- Վերամուտի առիթով ի՞նչ պատգամ ունիք տալիք:
Գ.Ի.- Վերամուտի առիթով իմ մաղթանքս այն է, որ բոլորս միասնաբար պրկենք մեր մտային, ֆիզիքական, նիւթական մկանները եւ փորձենք կարելի եղած չափով հայ երեխաները չզրկել հայկական վարժարան յաճախելէ: Գաղթաշխարհի մէջ շուրջ 6 միլիոն հայութիւն կայ, ունինք շուրջ 1,200,000 աշակերտի տարիքի հայորդիներ, որոնց մօտ 32 հազարը միայն հայկական վարժարան կը յաճախէ:
Փափաքս է, որ գիտակցինք, արթննանք այս հարցին շուրջ եւ լուրջ միջոցներու մասին խորհինք:
«Ա.».- Ի՞նչ է ձեր մաղթանքը լիբանանահայ երիտասարդութեան:
Գ.Ի.- Իմ մաղթանքս է, որ նոր սերունդներ առանց վարանելու իրենց հայեացքը ուղղեն դէպի Հայաստան: Եթէ կ՚ուզեն մնալ Լիբանանի մէջ, լա՛ւ, իսկ եթէ կ՚ուզեն գաղթել, թող երթան Հայաստան, ուր ամէն տեսակ առիթ կրնայ տրամադրուիլ իրենց: Եթէ ոմանց համար դիւրին չի թուիր ներկայ վիճակը, ժամանակն է, որ երթան եւ փոփոխութեան ենթարկեն մեր հայրենիքը: