ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէր Երկուշաբթի օր ներողութիւն խնդրեց «իրաքեան հարցերուն միջամուխ ըլլալուն համար»։ Քուշնէր ամերիկեան «Նիուզուիք» շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի պէտք է հրաժարի, որմէ ետք Մալիքի Ֆրանսայէն պաշտօնական ներողութիւն պահանջած էր։
Քուշնէր «Ինթըրնէշընըլ հերըլտ թրիպիուն» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշեց, որ Ֆրանսա պատրաստ է Իրաքի մէջ միջնորդի դեր խաղալու՝ Իրաքի դրացիներուն կոչ ուղղելով Իրաքի տագնապի լուծման համար աւելի մեծ դերակատարութիւն ունենալու։
Քուշնէր վերոնշեալ յօդուածին մէջ նաեւ շեշտեց, որ «ապահով եւ ժողովրդավար Իրաք մը» կառուցելու բոլոր միջոցները ձախողած են» եւ զինուորական լուծումի ճամբով տագնապը լուծելու կարելիութիւնը բացառեց։
Միւս կողմէ՝ Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը շեշտէր Իրաքի քաղաքական ուժերուն եւ հոսանքներուն միջեւ յաւելեալ երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութիւնը՝ հասնելու համար քարիւղի օրէնքին վերաբերեալ վերջնական համաձայնութեան մը։ Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէր, թէ «կառավարութեան մէջ շիիներու, սիւննիներու, արաբներու եւ քիւրտերու միջեւ հաւասարակշռութիւնը ապահովելու համար» յանձնախումբ մը կազմուած է։
Թալապանի նաեւ ողջունեց քաղաքական այն համաձայնութիւնը, որ ստորագրուած է քրտական, շիի եւ սիւննի գլխաւոր կուսակցութեան միջեւ, որու ստորագրութեան ներկայ գտնուած էին վարչապետ Նուրի Մալիքի, նախագահ Ճալալ Թալապանի, փոխնախագահ Ատէլ Մահարի, փոխնախագահ Թարէք Հաշիմի եւ իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարզանի։