ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Նիւ եորքցիներ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին դարձեալ յիշեցին Սեպտեմբեր 11ի ահաբեկչական արարքներուն արհաւիրքը, երբ փոքր օդանաւ մը ջախջախուեցաւ քաղաքին շէնքերէն մէկուն վրայ։
Շէնքին 40րդ եւ 41րդ յարկերուն վրայ ծագած հրդեհները դժուարութեան մատնեցին փրկարար խմբակները, որոնք մինչեւ գիշեր շարունակեցին շէնքին պարպումի աշխատանքները։ Աւելի քան 150 հրշէջներ երկար ժամեր գործեցին՝ հակակշիռի տակ առնելու համար հրդեհը։
Ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ հաւանաբար արկած մըն էր պատահածը, սակայն ապահովական խստագոյն միջոցառումներ որդեգրուեցան Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ։ Պատերազմական օդանաւեր ապահովական գօտի ստեղծեցին՝ առաջքը առնելու համար որեւէ վտանգի։
Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի օդակայաններու եւ նաւահանգիստներու իշխանութեան բանբերը ըսաւ. «Ոչ մէկ գաղափար ունիմ, թէ ուրկէ եկաւ այս օդանաւը»։
Աւելի ուշ, ոստիկանութեան աղբիւրներ յայտնեցին, թէ մահացան են օդանաւին մէջ գտնուող երկու անձերը: Կը հաղորդուի, թէ զոհերէն մէկն է Նիւ Եորք քաղաքի պէյսպոլի «Եէնքիզ» խումբին 34ամեայ մարզիկ մը:
Յատկանշական է, որ բնակարաններուն մէջ գտնուողներէն ոչ ոք վիրաւորուած է: