ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Հին յունական առածը կ՛ըսէ. «Խաղաղութեան ատեն, զաւակներն են որ իրենց հայրերը կը թաղեն, իսկ պատերազմի ատեն՝ հայրերը՝ իրենց զաւակները»: Իսկ աւելի ուշ՝ 1954ին, Չըրչիլ ըսած էր հետեւեալը. «Ծնօտ ծնօտի խօսիլը աւելի լաւ է քան պատերազմիլը»: Այսպէս, ահա, Հարաւային Կովկասի բարդ աշխարհագրութեան մէջ, ուր կայսրութիւններու շահերը զիրար կը խաչաձեւեն, Հայաստանի նորօրեայ իշխանութիւնները, Արցախի վերջին կորստաբեր պատերազմէն ետք, կը փորձեն «խաղաղութեան խաչմերուկ»ի կարգախօսը իբրեւ քաղաքականութիւն ձեւաւորելով՝ հասնիլ վերջնական բարի դրացիական յարաբերութիւններու թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի հետ:
Խաղաղութեան հասնելու քաղաքականութիւնը անշուշտ ոչ ոք կրնայ դրժել, որովհետեւ ապահով ապրիլը, արարելը եւ հզօրանալը բոլոր պետութիւններուն հիմնական նպատակն է: Սակայն, այդ մէկը մարդկային բնազդին եւ նկարագիրին անյարիր է: Մարդը բնազդով փառամոլ, անկուշտ եւ աւելիին ձգտող է, իսկ պետութիւնները մարդկային հաւաքականութիւններու ներկայացուցիչն են եւ, հետեւաբար, նոյնպիսի ձգտումներով եւ նպատակներով տոգորուած՝ խաղաղութեան գերնպատակը միայն ժամանակաւոր կրնայ դարձնել. փաստ՝ մարդկութեան ծագման սկիզբէն ի վեր անդադրում պատերազմները: Օրինակ մը տալու համար յիշենք միայն 1939ին, Գերմանիոյ եւ Սովետական Միութեան միջեւ կնքուած Մոլոթով-Ռիպենթրոփի անունով ճանչցուած դաշնագիրը, որուն միջոցով կողմերը կը համաձայնէին իրարու դէմ չպատերազմիլ: Այդ դաշնագիրը միայն երկու տարուան կեանք ունեցաւ: 1941ին, Գերմանիա Պարպարոսա (Barbarossa) կոչուած գործողութեամբ ներխուժեց Սովետական Միութեան սահմաններէն ներս:
Վերեւը տրուած օրինակը կը միտի ըսելու, որ որեւէ պետութեան խաղաղութեան ձգտումը, նոյնիսկ պատմական իր տարածքային իրաւունքներէն զիջելու պարագային, որեւէ ժամանակ, երբ զգայ, թէ բաւական հզօր է եւ կարիքը ունի իր անցեալին կորսնցուցած տարածքները վերանուաճելու՝ անմիջապէս պիտի ձգտի զայն իրականացնելու, լաւապէս գիտակցելով, որ իրաւունքը սուրին ծայրին է: Այդպէս ալ վարուեցաւ Ատրպէյճան մեզի հետ, երբ զգաց, որ մեզմէ անհամեմատ աւելի ուժեղ է:
Ժողովրդավարական համակարգերով օժտուած պետութիւններու մտադրած խաղաղութեան քաղաքականութիւնը, անշուշտ ոչ մէկ ձեւով արգելք կրնայ հանդիսանալ ազգերու կամ երկիրներու միւս կուսակցութիւններուն ծրագիրներուն մէջ արտացոլացող, բոլորովին հակառակ տեսակէտներու եւ նպատակներու իրաւունքին: Բազմաթիւ են օրինակները, որոնցմէ եթէ առնենք միայն Իսրայէլի մէջ գործող կուսակցութիւններուն՝ տարածքային պահանջներու նկատմամբ տեսլականները, հոն պիտի տեսնենք.
1.- «Լիքուտ» կուսակցութեան ծայրայեղ անզիջողականութիւնը՝ պահպանելու Երուսաղէմը, Արեւմտեան Ափը, մերժելով պաղեստինեան անկախ պետութեան գաղափարը:
2.-«Եէշ Աթիտ» կուսակցութիւնը, որ կողմ է երկու պետութեան գաղափարին եւ տարածքային փոխզիջումներով հասնելու խաղաղութեան:
3.- «Մերեծ» ձախակողմեան կուսակցութիւնը, որ կողմ է պաղեստինեան պետութեան մը ստեղծման նախա-1967ի սահմաններով, Երուսաղէմի արեւելեան մասի անոր մայրաքաղաք ճանաչումով:
4.- «Իզրայէլ Պէյթէինու» ազգայնական աջակողմեան կուսակցութիւնը, որ կողմ է արեւմտեան ափի որոշ շրջաններու Իսրայէլի միացման եւ անոնց փոխանակման, Իսրայէլի մէջ արաբներով բնակեցուած շրջաններով:
Ասոնցմէ բացի տակաւին կան այլ՝ աւելի փոքր կուսակցութիւններ՝ տարբեր ծրագիրներով:
Վերադառնալով բազմաչարչար մեր հայրենիքին՝ հոն ալ կան տարբեր, արմատական նպատակներով կուսակցութիւններ, սակայն կա՛ն նաեւ անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ ժամանակն է, որ իրապաշտօրէն հասկնանք առաջին հերթին մեր կարողութիւնները եւ հնարաւորութիւնները, առանց անտեսելու միւս կուսակցութիւններուն զանազան ծրագիրները եւ տեսլականները: Անոնց մեծ մասը թէ՛ հայրենաբնակներ եւ թէ հայրենիքէն դուրս ապրողներ, հաւանաբար չբարձրաձայնեն ներքուստ իրենց հաւատացած այն իրականութիւնը, որ պատմական Հայաստանի մեծ մասը այլեւս մեր տիրապետութեան տակ չէ, այնտեղ մեր փոխարէն կ՛ապրին նուազագոյնը քսան միլիոն քիւրտեր, թուրքեր եւ այլ ցեղեր, թէ մեր դրացի Իրանի՝ մեզի հետ սահմանային տարածքները բնակեցուած են քսան միլիոն ատրպէյճանցիներով, Թէ մենք շրջապատուած ենք լեռներով, զուրկ՝ արտաքին աշխարհի հետ հաղորդակցելու հնարաւորութիւն ընձեռող ծովերէ, թէ երկիրը աղքատ է իր ընդերքով, թէ երկրին մէջ կ՛ապրին առաւելագոյնը երեք միլիոն հայեր եւ ուրկէ երեսուն տարիներէ ի վեր արտագաղթը չէ դադրած եւ չկայ դադրելու միտումներ, թէ ազգին երեք չորրորդը սփռուած է աշխարհի տարածքին՝ ենթակայ ձուլման, այլասերման եւ կորուստի: Անոնք աւելի շատ ենթակայ են համոզուելու, որ այս պայմաններուն մէջ, մեզի կը մնայ ժամանակ շահիլ եւ հզօրանալ տնտեսապէս եւ ստեղծել քսանմէկերորդ դարու մակարդակին համապատասխան հզօր բանակ մը, միջազգային ընտանիքին կողմէ ամրագրուած եւ ճանչցուած մեր այս տարածքին վրայ, որուն համար կրթութիւնը եւ գիտութիւնը առաջնային պայմաններն են: Անոնք իրաւացիօրէն կը մեղադրեն ազգի երեք չորրորդը կազմող արտերկրի հայութեան ծայրայեղական եւ անիրականանալի սպասումները Հայաստանի մէջ մնացած բուռ մը հայութենէն, վերցնելու երկիրը պաշտպանելու ծանր բեռը միայնակ, մինչ իրենց զաւակները ապահով՝կը շարունակեն իրենց կեանքը օտար ափերու վրայ:
Կ՛արժէ մտածել, թէ ազգին ո՞ր հատուածը աւելի իրաւացի է իր տեսլականներուն մէջ: