
Հայաստան ականապատ դաշտերու 8 նոր ձեւաթուղթեր յանձնեց Ատրպէյճանին: Այս մասին հաղորդագրութիւն մը տարածեց Ատրպէյճանի ականազերծման ծառայութիւնը (ANAMA):
«Ներկայացուած ձեւաթուղթերուն մէջ հիմնականին մէջ Քելբաջարի (Քարվաճառ) շրջանի Մուրովտաղ լեռնաշղթան շրջապատող ականապատ դաշտերու մասին գրառումներ են», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ընդգծելով, որ թուղթերուն մէջ, ըստ թեքնիք կանոնակարգերու, կը նշուին ականներու տեսակները, քանակը եւ ականներու միջեւ հեռաւորութիւնները՝ ծառայութիւնը յայտնեց, թէ «ինչպէս նախապէս, վերջին տուեալները եւս ճշգրիտ ու հաւաստի չեն»:
«Ձեւաթուղթերու վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ նշուած տուեալները չեն համընկնիր իրական ականապատ դաշտերուն հետ, իսկ կէտերու դիրքորոշման տուեալները սխալ են», կը նշէ Ատրպէյճանի ականազերծման ծառայութիւնը:
Այս յայտարարութենէն ետք «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան՝ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան յայտնեց, որ ականապատ դաշտերու նոր տեղեկամատեանները ատրպէյճանական կողմին փոխանցուեցան 26 Յունուարին՝ առաջնորդուելով մարդասիրական հարցերը կարգաւորելու ձգտումով, իբրեւ վստահութեան ձեւաւորման միջոց:
Արձագանգելով ատրպէյճանական կողմի պնդումներուն՝ ան ըսաւ. «Հաշուի առնելով թեմայի՝ Ադրբեջանի կողմից անհարկի շահարկումները՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնն այդ տեղեկամատեանները տրամադրել է նաեւ որոշ միջազգային գործընկերների, որոնք եւս, ըստ անհրաժեշտութեան, կարող են ներգրաւուել դրանց ճշգրտութեան հաւաստման գործընթացին: Իր հերթին, թեմայի շահարկման փոխարէն Ադրբեջանն ունի հնարաւորութիւն փոխադարձել հումանիտար հարցերի կարգաւորման հարցում հայկական կողմի մօտեցումը եւ ցուցաբերել վստահութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ իրական յանձնառութիւն»: