Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները 12 Փետրուարին տարածեցին տեղեկատուութիւն մը այն մասին, որ՝ իբր թէ Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի Կապան-Զանգելան հատուածին մէջ հայաստանցի դիրքապահներու կողմէ կրակ բացուած է: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Ռազմական ոստիկանութիւնը աւելի ուշ հաղորդագրութիւն մը հռապարակելով՝ յայտնեց, որ նման բան չկայ, սակայն հարցը կը քննուի:
«Վերադաս հրամանատարութեան կողմից գրաւոր հրամաններով յստակ սահմանուած են այն դէպքերը, երբ զինծառայողը, իրադրութիւնը գնահատելով, կարող է եւ/կամ պարտաւոր է կրակ բացելու որոշում կայացնել: Նախնական տեղեկատուութեամբ Փետրուարի 12ին տուեալ տեղամասում նման իրադրութիւն առկայ չի եղել: Այս հանգամանքը հաստատուելու պարագայում հրամանը խախտելու դէպքի մեղաւորները կ՛ենթարկուեն պատասխանատուութեան», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Ատրպէյճան նաեւ հաղորդած էր, որ Զանգելանի շրջանի դիրքերու ուղղութեամբ Հայաստանի զինուած ուժերուն կողմէ արձակուած կրակոցին պատճառով ատրպէյճանցի սահմանապահ մը վիրաւորուած է: