ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ամէն անգամ որ գաղութ մը այցելելու առիթը կ՛ունենամ, կ՛ուզեմ նաեւ տեսնել հոն գործող հայկական դպրոցները։ Կը տեսնեմ, թէ ինչքան անփոխարինելի է հայ դպրոցին դերը հայակերտումի եւ մարդակերտումի գործընթացին մէջ՝ սփիւռքեան իրականութիւններուն համար։
Եւ պարագան նոյնն է Պոլսոյ Պէյօղլուի շրջանին մէջ գործող Էսաեան վարժարանին համար, երբ առիթը ունեցայ այցելել Մարտ 24ին, ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Յարութիւն վրդ. Տամատեանի։ 1895ին հիմնուած այս վարժարանը այսօր տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, շնորհիւ անոր ետին ամուր կերպով կանգնած խնամակալ մարմիններուն, բայց նաեւ տնօրէնուհիին եւ խումբ մը նուիրեալ հայ ուսուցիչներուն։
Դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները շատ…։ Եւ սփիւռքեան ո՞ր մէկ գաղութին ազգային կեանքերուն մէջ չկան այդ դժուարութիւնները…։ Բայց հայուն կամքը կը յաղթէ այդ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ կը գտնէ ելքը շարունակելու համար այս նուիրական ծառայութիւնը։ Էսայեան վարժարանը մէկ լաւագոյն ապրող օրինակներէն է, ուր հայուն առաքելութիւնը՝ իմա նուիրական ծառայութիւնը, կենդանի է։ Հայկական Պոլսոյ մէկ ապրող վկայութիւնն է այս վարժարանը, իր աշխուժ տեսլականով։


Եթէ հանդիպեցայ տնօրէնուհիին ու ուսուցչական կազմի անդամներուն հետ՝ բայց նաեւ շրջագայեցայ դպրոցի տարբեր բաժինները եւ դասարանները։ Չեմ գիտեր եթէ պատահականութիւն էր թէ այլ՝ բայց ներկայ եղայ դասարաններէն մէկուն «կրօնքի եւ բարոյագիտութեան» դասապահին։ Շատ քաջալերական էր լսել եւ տեսնել հայ աշակերտներուն տածած լրջութիւնը նիւթին եւ արժեւորումը անոր։ Խօսեցանք միասին Աստուածաշունչի կարեւորութեան մասին, ներառելով հայերէն Աստուածաշունչը՝ որպէս հիմք քրիստոնէական մեր հաւատքին եւ մեր պատմութեան եւ մշակութային արժէքներու գիտակցութեան։ Եթէ հայակերտումը շատ կարեւոր է բայց նոյնքան նաեւ մարդակերտումը՝ իր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու գիտակցութեամբ։
Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տենչա Չընար, միջնակարգի տնօրէնուհի՝ Առլին Եէշիլթէփէ եւ ուսուցչակազմ՝ Առփէն Չինար, Մարալ Էպէօղլու Սաթար, Նատին Պէրպէրեան եւ Անի Քալայլի, կը շարունակեն մեծ հաւատքով եւ նուիրումով հայակերտումի եւ մարդակերտումի այս նուիրական առաքելութիւնը Պոլսոյ մէջ։ Եթէ շնորհակալ եւ երախտապարտ ենք իրենց ծառայութիւններուն համար բայց նաեւ կ՛ուզենք ըսել. «Ձեր վարձքը կատար…»։
Հայուն պատմութիւնը կը շարունակուի երբ կրնանք հայ նոր սերունդը կերտել իբրեւ Հայ եւ Մարդ։
Եւ հայ դպրոցը հայակերտումի եւ մարդակերտումի ամուր հիմքն է, ուր հայուն կեանքը պիտի կարենանք դնել պատմութեան շարունակականութեան գործընթացքին մէջ։