Թուրքիոյ խորհրդարանական քրտամէտ Ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Ապրիլ 24ին գծով ուղերձ մը յղեց, կը հաղորդէ թրքական «Պիանեթ»ը:
Կուսակցութիւնը կը դատապարտէ 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ պահանջած առերեսուիլ պատմական իրականութեան հետ եւ տուժողներէն ներողութիւն խնդրել:
Քրտական այլ կուսակցութիւն մը` Ժողովրդավարական շրջանները, դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով` նշելով, որ ճիշդ 110 տարի առաջ, Ապրիլ 24ին, 235 հայ մտաւորականները մահուան ուղարկելու քայլով սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: