ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս տարուան ինը ամիսներուն Հայաստան ներածուած է 17,826 ինքնաշարժ: Այս մասին տեղեկացուցին մաքսային պետական կոմիտէի լրատուական ծառայութենէն եւ նշեցին, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ ներածուած ինքնաշարժներու թիւը աւելցած է 3828ով:
Ըստ վիճակագրութեան՝ տարուէ տարի Հայաստան ներածուած ինքնաշարժներու թիւի աճ կը նկատուի: Եթէ 2001ին անոնց թիւը 5817 էր, 2002ին՝ 9995, 2003ին՝ 16,201, ապա 2005ին այդ թիւը հասած է 19,801ի: