ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գալիք տարի պիտի աւարտին հայկական խաղարկային՝ «Սողանք», «Նա եւ Նէ», «Այգաբաց», «Չուող թռչուններ» եւ 14 վաւերագրական շարժանկարներու՝ «Հեռու-մօտիկ», «Թոնինօ Կուերան եւ Հայաստանը», «Հայոց այբուբենի 1600ամեայ գաղտնիքը» եւ այլ շարժանկարներու նկարահանումները:
Այս տարի նկարահանուած են եօթը խաղարկային եւ 10 վաւերագրական շարժանկարներ:
Ըստ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան տեղեկատուութեան, 2006ին պետական աջակցութեամբ կազմակերպուած են երեք՝ «Ոսկէ ծիրան»՝ 3րդ, «Ես եմ»՝ 3րդ, ինչպէս նաեւ «Մանկապատանեկան շարժանկարի 2րդ միջազգային փառատօները: Կազմակերպուած է նաեւ Հայաստանի անկախութեան 15 տարիներու ընթացքին նկարահանուած լաւագոյն շարժանկարներու հետահայեաց ցուցադրութիւն:
Թատրոնի ոլորտին մէջ կազմակերպուած են հինգ միջազգային եւ տեղական փառատօներ, իսկ նախարարութեան ենթակայ եօթը պետական թատրոններ մասնակցած են միջազգային զանազան փառատօներու: Պետական աջակցութեամբ բեմադրուած է 12 ներկայացում, նախատեսուածէն չորսը տեղափոխուած է յաջորդ տարի: 2007ին պիտի ցուցադրուին 16 ներկայացումներ Երեւանի, Գորիսի, Վանաձորի, Արտաշատի եւ Չաւախքի թատրոններու մէջ: