
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Յունիս 2ին կը հաղորդէ, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով վեց թուրք ոստիկաններ բանտարկութեան դատապարտուած են։
Տրապիզոնի քրէական երկրորդ ատեանը Հինգշաբթի օր, Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան նախկին հրամանատար Ալի Օզին եւ ոստիկանութեան հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետ, գնդապետ Մեթին Եըլտըզը վեցական ամսուան բանտարկութեան դատապարտած է։
Դատարանի որոշումով, չորսական ամսուան բանտարկութեան դատարապտուած են նաեւ չորս ոստիկաններ, իսկ երկու ուրիշներ՝ ազատ արձակուած։
Ալի Օզին ու անոր հրամանին տակ գտնուողները կը մեղադրուէին Տինքը պաշտպանելու իրենց պարտականութեան մէջ թերանալու յանցանքով:
Յիշեցնենք, թէ Տինք սպաննած ոճրագործը Տրապիզոնէն է: